Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր խմբագ­րա­պետ Հ­րանդ Տին­քի կի­նը` Ռա­քել Տինք,անդ­րա­դար­ձած է Պոլսոյ Թուզ­լա շրջա­նին մէջ գտնո­ւող հայ­կա­կան «­ՔամփԱր­մէն» որ­բա­նո­ցի քան­դու­մին: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ

ermenihaber.am-ը:

Ռա­քել Տինք, որ իր ա­մու­սի­նին հետ միա­սին ե­ղած է այս  Ճամ­բա­րի նախ­կին սան, ը­սած է.

«Ե­թէ նա­յինք տա­րի­ներ շա­րու­նակ մե­զի հետ տե­ղի ու­նե­ցա­ծին, ա­պա այ­սօր ալ կ­՛ա­ռե­րե­սո­ւինք ի­րադ­րու­թեան մը հետ, որ­մէ պէտք է, որ չզար­մա­նանք: Սա սպա­նու­թիւն է: Կեան­քը սպան­նե­ցին, կեն­ցա­ղը սպան­նե­ցին: Այս ճամ­բա­րին հա­մար մեր պայ­քա­րը կը շա­րու­նա­կուի տա­րի­նե­րով: Գի­տեմ, որ վա­տու­թեան դի­մաց պէտք է լա­ւու­թիւն ը­նենք, ար­ժա­նա­պա­տիւ քայ­լը ա­տի­կա է: Սա­կայն նաեւ գի­տեմ, թէ ար­ժա­նա­պա­տիւ մնա­լը մե­զի հա­մար ինչ գին կրնայ ու­նե­նալ: 1915-ը հեր­քե­ցին, ճամ­բա­րը 2015-ին կը քան­դեն, ա­տի­կա ալ թող հեր­քեն: Այս­տեղ ան­թիւ յի­շո­ղու­թիւն­ներ ու ան­թիւ ե­րե­խա­նե­րու չար­չա­րանք կայ: Բո­լո­րո­վին խիղճ չու­նի՞ք:  Այդ չար­չա­րան­քին հան­դէպ  բա­ցար­ձակ յար­գանք չկա՞յ: Ա­մու­սի­նիս ա­մե­նա­մեծ ցան­կու­թիւն­նե­րէն մէ­կը ճամ­բա­րի պահ­պա­նումն էր: Հի­մա մեծ ցա­ւով կը հե­տե­ւիմ ա­նոր, թէ ինչ­պէս պի­տի հա­նեն զայն»: