Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Սուրբ Ղա­զար կղզիին մէջ Մա­յիս 6-ին բացուած է Վե­նե­տի­կի փա­ռա­տօ­նի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան տա­ղա­ւա­րը: Art for The World ըն­կե­րու­թիւ­նը պա­տաս­խա­նա­տու է հայ­կա­կան տա­ղա­ւա­րի ստեղծ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­մար։ Մա­յիս 6-­Հոկ­տեմ­բեր 18 եր­կա­րող փա­ռա­ տօ­նին ներ­կա­յա­ցո­ւած են 15 հայ ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ Ս­փիւռ­քէն:

Հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­մար խորհր­դանը­շա­կան հան­դի­սա­ցող 2015 թ.-ին, ՀՀ մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ռա­ջար­կով, Վե­նե­տի­կի 56-րդ փա­ռա­տօ­նին գե­րակ­շիռ պի­տի ըլ­լայ սփիւռ­քա­հայ ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը:

Այս տա­րի Մ­խի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան պատ­կա­նող Սուրբ Ղա­զար կղզիի տա­րած­քին տե­ղա­բաշ­խո­ւած հայ­կա­կան տա­ղա­ւա­րի պա­տաս­խա­նա­տուն է Ա­տե­լի­նա Չու­պե­րեան Ֆօն Ֆիւս­թեն­պեր­կը: Ցու­ցադ­րու­թեան մէջ նաեւ տեղ գտած են Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն եւ Ռու­սա­կան յե­ղա­փո­խու­թե­նէն ետք ծնած 12  հայ բա­նաս­տեղծ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ` զո­ւի­ցե­րա­հայ բա­նաս­տեղծ Վա­հէ Կո­տե­լի ֆրան­սե­րէն թարգ­մա­նու­թեամբ: «­Հա­յու­թիւն» (Armenity) ցու­ցադ­րու­թիւ­նը կ’անդ­րա­դառ­նայ  տե­ղա­հան­ման եւ տա­րած­քի, ար­դա­րու­թեան եւ հաշ­տեց­ման, քա­ղա­քակր­թա­կան չա­փա­նի­շե­րու եւ ճկու­նու­թիւն թե­մա­նե­րուն: Ան­կախ ի­րենց ծննդեան վայ­րե­րէն, ցու­ցադ­րու­թեան մաս­նակ­ցող ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ ամ­փո­փո­ւած են վեր­ջին­նե­րուս ծա­գում­նա­բա­նու­թեան յի­շո­ղու­թիւ­նը, ուր Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րապ­րած­նե­րու թոռ­նե­րը կը վե­րա­կա­ռու­ցեն «փշրո­ւած ինք­նու­թիւ­նը»: