Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Կի­րա­կի, 3 Մա­յիս 2015ին, «Ա­տեան» (ADYAN) միջ-կրօ­նա­կան լի­բա­նա­նեան ըն­կե­րակ­ցու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ շուրջ 60 քրիս­տո­նեայ եւ իս­լամ հա­մալ­սա­րա­նա­կան­ներ հրա­ւի­րո­ւե­ցան Ան­թի­լիա­սի Մայ­րա­վանք: Ա­նոնք, այ­ցե­լե­ցին վե­րա­նո­րո­գո­ւած եւ Ապ­րիլ 24ին Ա­րամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին ձե­ռամբ օ­ծո­ւած Նա­հա­տա­կաց մա­տու­ռը, որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած ա­ռա­ջին յու­շա­կու­թողն է, ուր նաեւ ամ­փո­փո­ւած են մեր մէ­կու­կէս մի­լիոն սուր­բե­րու նշխար­նե­րէն մաս մը, որ­պէս յու­շա­րար Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար դա­տին: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը։ Ա­պա, հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան «­Կի­լի­կիա» թան­գա­րա­նը, ուր ցու­ցադ­րո­ւած են Սի­սի Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նէն փրկո­ւած ե­կե­ղե­ցա­կան ի­րեր եւ զգեստ­ներ, մաս­նա­տու­փեր, ձե­ռա­գիր մա­տեան­ներ, հնա­տիպ գիր­քեր, խաչ­քա­րեր եւ այլ ազ­գա­յին ու մշա­կու­թա­յին ար­ժէք ու­նե­ցող ա­րո­ւես­տի գոր­ծեր: Թան­գա­րա­նի տե­սուչ Պա­րոյր Աբղ. Շէր­նէ­զեան լայն բա­ցատ­րու­թիւն տո­ւաւ խում­բի ան­դամ­նե­րուն, թէ ցու­ցադ­րո­ւած ի­րե­րը ի՞նչ պայ­ման­նե­րու տակ փրկո­ւած եւ ի մի բե­րո­ւած են այս թան­գա­րա­նին մէջ, որ­պէս կեն­դա­նի վկա­ներ մշա­կու­թա­յին ցե­ղաս­պա­նու­թեան:

Վեր­ջա­պէս, ա­նոնք հան­դի­պում ու­նե­ցան Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ եւ հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս Դոկտ. Ժան Սալ­մա­նեա­նի հետ, որ բա­ցատ­րու­թիւն տո­ւաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին ու ցե­ղաս­պա­նու­թեան ե­տին կանգ­նող թրքա­կան ցե­ղա­յին եւ Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան Փան­թու­րա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դրդա­պատ­ճառ­նե­րուն: Ան նաեւ անդ­րա­դար­ձաւ Լի­բա­նա­նի հայ հա­մայն­քին եւ լի­բա­նա­նեան ըն­կե­րու­թեան ա­նոր բե­րած նպաս­տին ու դե­րա­կա­տա­րու­թեան: Ա­ւար­տին, հարց-պա­տաս­խան­նե­րու մի­ջո­ցաւ, հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րը ա­ռա­ւել եւս լու­սա­բա­նո­ւե­ցան: