Ռուսիա մտադիր է ընդլայնել սպառազինութիւններու եւ ռազմասարքերու մատակարարումը Թուրքիոյ, ըստ civilnet.am-ի՝ յայտարարած է ռուսաստանեան «Ռոսոպորոնէքսփորթ» ընկերութիւնը: Մայիս 5-ին Սթամպուլի մէջ կը մեկնարկէ IDEF-2015 պաշտպանական արդիւնաբերութեան ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին ռուսաստանեան պետական ընկերութիւնը կը պատրաստուի թուրք գործընկերներու հետ բանակցութիւններ վարելու: «Այսօր Թուրքիոյ շահերէն մեկնած` մենք կ՛իրականացնենք Մի-17 ռազմական ուղղաթիռներու սպասարկում եւ պահեստային մասերու մատակարարում: Ասիկա դեռ հիմնականն է, սակայն մենք կ՛աշխատինք Թուրքիոյ մէջ ռուսական սպառազինութիւններու եւ ռազմասարքերու մատկարարումներու ընդլայնման ուղղութեամբ»,- յայտարարած է ընկերութեան ներկայացուցիչը:
IDEF-2015 միջազգային ցուցահանդէսին Ռուսիոյ պատուիրակութեան ղեկավար Անաթոլի Աքսենովի խօսքով` «ասիկա պաշտպանական ոլորտի մէջ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն ապագան է»: Ռուսաստանեան պետական ընկերութեան պաշտօնական կայքին մէջ կը նշուի նաեւ, որ վերջին զինուած հակամարտութիւններու վերլուծութիւնը հաշուի առնելով` «Ռոսոպորոնէքսփորթ»-ը ցուցահանդէսի ընթացքին պիտի ներկայացնէ նաեւ տարածաշրջանի երկիրներու կողմէ առաւել պահանջուած ռազմասարքեր: