Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած Լեհաստանի Ժելոնա Կուրա քաղաքէն ետք, Լեհաստանի մեծագոյն քաղաքներէն ու հարաւային կողմը գտնուող Վրոցլավ քաղաքի մէջ ալ 18 մեթր քառակուսի տարածքով երեք հսկայ ցուցապաստառներ տեղադրուեցան քաղաքի կեդրոնական հրապարակներուն վրայ, տեղւոյն հայերու եւ ծագումով հայերու նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերու շնորհիւ:
Այս առիթով Վրոցլավ քաղաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ՝ «Հանդիսանալ վկաներու վկան» վերնագրով հայկական ցեղասպանութեան նուիրուած նկարներու ու պատմական տեղեկութիւններու հերթական ցուցահանդէսի բացումը կատարուեցաւ: