Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Թրքական լրատուամիջոցները լայն տեղ յատկացուցած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ բացուած դատին՝ Սիսի կաթողիկոսարանին վերատիրանալու պահանջով:
«Հիւրրիյէթ» իր լուրը խորագրած էր. «Հայ եկեղեցին Սիսի վանքին կալուածներուն վերադարձը կը պահանջէ»: Նմանօրինակ խորագիրով լուր հրապարակած էին նաեւ «Տեմոքրաթ Հապեր» եւ «Հապերլեր»: «Սոնտաքիքա» Սիսի քաղաքապետ Մուսա Էօզթիւրքի հետ կատարած էր հարցազրոյց մը, ուր վերջինս կը նշէ, որ Սիսի վանքին հայերուն պատկանիլը փաստող տեղեկութիւն չկայ: «Թուրքիա մեր կալուածները թող վերադարձնէ», իր լուրը խորագրած է «Օտա Թի. Վի.»: Նոյնպէս՝ «Ենիչաղ» եւ «Միլլիյէթ» թերթերը: