Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Այսօր Պաքուի մէջ տեղի կ՛ունենայ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի զինուած ուժերու ղեկավարներուն առաջին հանդիպումը: Հանդիպումին կը մասնակցին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով, Թուրքիոյ զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Նեճեթ Էօզել եւ Վրաստանի զինուած ուժերու  ընդհանուր հրամանատար Վախթանգ Քափանածէ:
Ատրպէյճանական ԱՓԱ գործակալութեան հաղորդումով, հանդիպումին նպատակը եռակողմ ձեւաչափով զինուորական մարզին մէջ համագործակցութեան ընդլայնումն է, ինչպէս նաեւ շրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերու քննարկումը:
Կը նախատեսուի, որ հանդիպումին աւարտին երեք երկիրներուն միջեւ  արձանագրութիւն ստորագրուի: