Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դրացի Պուլկարիոյ խորհրդարանը մեղադրած է ցեղասպանութեան հարցին առնչութեամբ «Թուրքիոյ մարդկային եւ նախաձեռնած քայլերը անտեսելու համար»:
Թուրքիա տուն կանչած է Պուլկարիոյ մէջ իր դեսպանը:
Թուրքիա ներկայ պահուն ութը երկիրներու մէջ դեսպան չունի
Թուրքիա ներկայ դրութեամբ եօթը երկիրներու մէջ դեսպան չունի, տարբեր պատճառներով դեսպանները ետ կանչելու որպէս հետեւանք։ «Հիւրրիյէթ» կը գրէ, որ կարգը հասած է Մոսկուայի ու Պերլինի։
Վերջին երկիրը, ուրկէ Թուրքիա ետ կանչած է իր դեսպանը, Աւստրիան եւ Պուլկարիան են, իսկ պատճառը՝ այդ երկրի խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը:
Վերջին երեք տարիներուն ընթացքին Թուրքիա իր դեսպանները ետ կանչած է Եգիպտոսէն, Սուրիայէն, Իսրայէլէն, Լիպիայէն, Եմէնէն, Վատիկանէն, Աւստրիայէն եւ Պուլկարիայէն։ Մինչեւ հիմա Թուրքիա այդ երկիրներուն մէջ նոր դեսպաններ չունի։
2012-2014 տարիներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պատճառով, Թուրքիա իր դեսպանները ետ կանչած է 12 երկիրներէ։ Հակառակ Անգարայի այդ քայլերուն, կարճ ժամանակ ետք, Թուրքիա վերադարձուցած կամ նոր դեսպաններ նշանակած է յիշեալ 12 երկիրներուն մէջ։