Նոյեմբեր 7-ին Մոսկուայի տան ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական դպրոցի տնօրէն դեսպան Վահէ Գաբրիէլեանի ARTSAKH: the people and land of KARABAKH («Արցախ՝ Ղարաբաղի ժողովուրդն ու հողը») անգլերէն գրքի շնորհանդէսը եւ գիրքին մէջ ներկայացուած հեղինակային լուսանըկարներու ընտրանիի մը ցուցահանդէսի բացումը:
Շնորհանդէսին ներկայ էին ՀՀ ԱԺ բարձրաստիճան ղեկավարներ, ՀՀ կառավարութեան անդամներ, Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններ, սփիւռքահայ հիւրեր, արուեստասէրներ, միջազգային կառոյցներու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:
Իր խօսքին մէջ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Էդվարդ Նալբանդեանը կարեւորեց թէ՛ գիրքի գեղարուեստական արժանիքները, թէ՛ ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն խնդրի՝ ԼՂ հիմնահարցի մասին իրազեկութեան բարձրացման գործին մէջ գիրքէն ակնկալուող ներդրումը: Նախարար Նալբանդեանի խօսքով գիրքը նաեւ Արցախ այցելելու իւրատեսակ հրաւէր է:
Դեսպան Վահէ Գաբրիէլեանը նշեց, որ գիրքը ստեղծուած է Հայաստանի եւ մասնաւորապէս Արցախի մասին օտար լեզուով ներկայանալի գրականութեան պակասի գիտակցումով եւ հիմնական նպատակն է Արցախի հրաշագեղ բնութեան, ճարտարապետական գլուխգործոցներու եւ յուշարձաններու պատշաճ ներկայացման միջոցով երկրի վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելն, եւ այդ բնագաւառէն ներս տեղեկատուական բացը լրացնել:
Գիրքին մէջ եօթ հարիւրէ աւելի հեղինակային լուսանկարներով ներկայացուած են Արցախի ամրոցները, միջնադարեան կամուրջները, վանքերն ու եկեղեցիները, քաղաքներն ու գիւղերը, մելիքական ապարանքները, յուշահամալիրները, թանգարանները եւ դրոշմանիշները. անդրադարձ կատարուած է միջնադարեան մանրանկարչութեան եւ գորգարուեստին: Լուսանկարներուն մօտ ներառնուած են համառոտ բացատրութիւններ: Արցախի բնութեան համայնապատկերները եւ ճարտարապետական գլուխգործոցներու նմուշները լուսանկարուած են տարուայ տարբեր եղանակներուն։
Պատմական եւ ժամանակակից քարտէսներով փաստարկած մասով տրուած է նաեւ Արցախի վերաբերեալ պատմական ակնարկ՝ հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը:
Ցուցահանդէսը, որը 2009ին «Բրիտանիա» ցուցահանդէսէն յետոյ Վահէ Գաբրիէլեանի լուսանկարներու երկրորդ անհատական ցուցադրումն է, պիտի գործէ մէկ շաբաթ: Կը նախատեսուի այն ցուցադրել նաեւ Արցախի մէջ։