Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հալէպի մէջ Ապրիլ 26-ի յետմիջօրէին Սուրբ Քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ յարակից թաղամասը ռմբակոծութեան ենթարկուած է: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցած է Հալէպի ազգային առաջնորդարանի խօսնակ Ժիրայր Ռէիսեանը՝ աւելցնելով, որ թաղամասին մէջ հայկական կեդրոն, ակումբ, դպրոց կայ, սակայն դեռ տեղեկութիւններ չկան տեղի ունեցած վնասներու մասին.«Շրջանը այս պահուն անհասանելի է, հնարաւոր չէ տեղեկութիւն ճշդել: Սակայն, ամենայն հաւանականութեամբ, վնասները մեծ են, քանի որ քանի մը ժամ ահռելի ռմբակոծութիւններ տեղի ունեցան»,- նշած է Ռէիսեանը: Անոր խօսքով՝ թաղամասին մէջ նաեւ ասորիներու, մարոնիտներու եկեղեցիներ կան, իսկ բնակիչներ գրեթէ չկան: