Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ինչպէս հաղորդած էինք, Աւստրիոյ խորհրդարանը եւս միացաւ այն երկիրներուն, որոնք պաշտօնապէս կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Աւստրիոյ խորհրդարանի գլխաւոր վեց խմբակցութիւնները ընդունեցին յայտարարութիւն մը, որ կը դատապարտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ առերեսուելու իր անցեալի սեւ էջերուն հետ։ Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Աւստրա-Հունգարիան, Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն, որպէս Օսմանեան կայսրութեան դաշնակից պետութիւն, կը կրէ կատարուածի պատմական պատասխանատուութիւնը եւ այդ պատճառով Աւստրիա պարտաւոր է կատարուածը Ցեղասպանութիւն որակելու եւ դատապարտելու։
Այս որոշումը դատապարտելով, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ապրիլ 22ին տուն կանչեց Աւստրիոյ մօտ իր դեսպանը, նշելով որ Աւստրիոյ խորհրդարանին կողմէ ընդունուած յայտարարութեան մէջ միայն քրիստոնեաներու ապրած ցաւերուն մասին կը խօսուի, իսկ իսլամներու մասին ո՛չ մէկ խօսք կայ։ «Թուրքիոյ համար անընդունելի է 1915ի դէպքերը ցեղասպանութիւն ճանչնալու որեւէ որոշում եւ Թուրքիա չի կրնար իր վրայ առնել այդ պատասխանատուութիւնը։ Մենք տեղի պիտի չտանք քաղաքական ճնշումներուն», ըսուած է արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։