Ընկերվարական Կիներու Միութիւնը անցնող օրերուն հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը պահանջէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։
Հաղորդագրութեան մէջ ընկերվարական կնոջական կազմակերպութիւններու վերոնշեալ կառոյցը նաեւ կը շեշ
տէ, որ հայ կիները միայն ցեղասպանութեան չէ որ ենթարկուեցան, անոնք ենթարկուեցան նաեւ «սեռասպանութեան», այսինքն անոնց դէմ գործուեցաւ նաեւ սեռային սպանութիւն։ «Այն ազգերը, որոնք պատմական ճշմարտութիւններու հետ առերեսուիլ չեն ուզեր, իրենց ապագան կը կորսնցնեն։ 1914 թուականէն սկսեալ, Վանէն մինչեւ Իզմիր, Սեբաստիայէն մինչեւ Սամսոն, ամբողջ Անատոլուի մէջ հայերու արիւնը հոսեցաւ, անոնց ինչքերը թալանուեցան, կիներն ու մանուկները առեւանգուեցան, կիները բռնաբարուեցան։ Այս բոլորը մեզի միայն հարիւր տարի առաջուանը չեն յիշեցներ, անոնք մեզի կը յիշեցընեն նաեւ մեր մօտիկ անցեալը»,- գրուած է հաղորդագրութեան մէջ։ Միութիւնը մանրամասնօրէն կը նշէ նաեւ, թէ ինչպէ՛ս հայ կիները առեւանգուեցան, գերիներու նման վաճառուեցան շուկաներու մէջ, եւ թէ ինչպէ՛ս մօտաւորապէս 200 հազար հայուհիներ բռնի կերպով իսլամացուեցան։ Հազարաւոր կիներ ալ ընտրեցին անձնասպանութեան ճամբան։ Ընկերվարական Կիներու Միութիւնը հայերէն ներողութիւն կը խնդրէ եւ թուրք պետութիւնը կը հրաւիրէ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու։