Եգիպտոսի հակաեղբայրացման ժողովրդական ճակատը որոշում կայացուցած է, որ Ս. Յարութեան տօներէն ետք ընդհանուր ժողով պիտի գումարէ՝ ձեւակերպելու Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման յայտարա րութիւնը, որ տեղի ունեցաւ 100 տարի առաջ Թուրքերու կողմէն: Ժողովին կ’որոշուի ճանաչման յայտարարութիւնը պաշտօնապէս յանձնել հայոց մայրաքաղաքին` Երեւանի մէջ ճակատի հիմնադիրի Մուհամմետ Սաատ խէյր Ալլահի կողմէն Ապրիլ 24-ին, այդպիսով ճակատի անունը կը ներառուի ցանկին մէջ միջազգային կազմակերպութիւններու անուններուն, որոնք ճանչցած են մարդկութեան պատմութեան մէջ ամենադաժան ողբերգութիւնը: Յիշեցնենք, որ ճակատի հիմնադիրը ստացած է պաշտօնական հրաւէրք 20 Ապրիլին մենկնելու Հայաստան ներկայ գտնուելու 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն: