Ֆրանսիս Պապը, Վատիկանի Ս. Մարթայի եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան մատուցած պատարագի ընթացքին, վերահաստատելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Կիրակի օր իր հնչեցուցած խօսքը՝ հաւատացեալներուն յայտնած է, որ եկեղեցին անկեղծութեան վայր է, ուր մարդիկ պէտք է ազնուօրէն խօսին:
Վատիկանի ձայնասփիւռը կը հաղորդէ, որ Հռոմի Եպիսկոպոսապետը աւելցուցած է, որ քրիստոնեաներուն համար չկայ այլ ճամբայ, քան ըսել ճշմարտութիւնը, նոյնիսկ եթէ ատիկա դառն է: «Եկեղեցւոյ ուղին անկեղծութեան ուղին է: Ատիկա կ՛ապացուցէ Քրիստոսի յարութենէն ետք սուրբ առաքեալներուն վարած կեանքը: Չկայ այլ ճամբայ, քան ըսել ճշմարտութիւնը, նոյնիսկ` դառնը: Միայն Ս.Հոգին ի վիճակի է փոխելու մեր ամբողջ կեանքը, մեր վերաբերմունքը եւ համարձակութիւն տալու մեզի, ինչպէս որ առաքեալները ոգեշնչուեցան Քրիստոսի յարութեամբ»,- ըսած է պապը: «Մենք չենք կրնար լռել այն ամէնուն մասին, ինչ որ տեսած եւ լսած ենք»,- ըսած է պՊապը իր քարոզին մէջ, որուն հետեւած է ընթերցանութիւնը Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալներուն նամակներէն, ուր անոնք Տիրոջմէ կը խնդրեն իրենց ազատ եւ համարձակ խօսելու կարողութիւն շնորհել: