Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

 «Ազդակ» թերթի խմբագրութիւնը կապ հաստատած է Հալէպի իր գործընկերներուն հետ, որոնք հաստատած են, որ Սուլայմանիէ թաղամասի վերջին ռմբակոծումներուն իբրեւ հետեւանք վնասուած է «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնը, ուր ժամանակաւորապէս փոխադրուած էր Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանը։
«Ազդակ»ի վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն, կան հայ վիրաւորներ, որոնց կեանքին վտանգի չի սպառնար։
Երեւանի «երկիր Մեդիա» հեռատեսիլի կայանի լրագրողը, կապ հաստատելով «Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանին հետ, յաւելեալ տեղեկութիւններ ստացած է անկէ Հալէպի վերջին իրադարձութեանց մասին:
Զարմիկ Պօղիկեան յայտնած է, որ բացի «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնի կրած վնասներէն, քանդուած է նաեւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ շէնքերը, կան հայ 8 վիրաւորներ: Ամբողջութեամբ կործանած են 5 բազմայարկ շէնքեր։