Ալին Օհաննէսեանի հեղինակած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին առիթով գրուած «Orhan՛s Inheritance» վէպը Ապրիլ ամսուան համար «Ամազոն»ի «Ամսուան լաւագոյն գիրքերը» ցանկին վրայ դրուած է։ Այս մասին կը հաղորդէ Արեւմտեան Ամերիկայի մեր
պաշտօնակից «Ասպարէզ» օրաթերթը։
Անկախ Գրատուններու Միութիւնը եւս փոքր հրատարակութեան յատուկ «#1 Indie Next» ցանկին վրայ դրած է վէպը, իսկ «Պարնզ էնտ Նոպըլ» գրախանութը այս ամրան լաւագոյն նոր հեղինակներու շարքին դասած է Օհաննէսեանը։