Լիբանան պետական մակարդակով ներկայ կը գտնուի Ապրիլ 24ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ոգեկոչման արարողութեան ու կը յարգէ անմեղ նահատակներու յիշատակը: «Արմէնփրես»ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Լիբանանի մէջ հրատարակուող «Ազդակ» օրա թերթի գլխաւոր խմբագիր եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Լիբանանի յանձնախումբի փոխ-ատենապետ Շահան Գանտահարեան: Արդադեւ, Լիբանանէն Երեւան կը ժամանեն երկրի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու պատուիրակութիւնները: «Ապրիլ 24ին Երեւան կ’այցելէ Լիբանանի կառավարութեան 4 հոգինոց պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ են Արտաքին Գործոց եւ Ուժանիւթի նախարարները: Բացի գործադիր մարմինէն, Երեւան կ’այցելէ նաեւ խորհրդարանական պատուիրակութիւնը` Ա.Ժ. փոխ-նախագահն ու պատգամաւորներ»: Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ կայանալիք ձեռնարկներուն, «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիրը ըսաւ, որ Անթիլիասի` Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Նահատակաց մատուռին մօտ Ապրիլ 24ին տեղի պիտի ունենայ պատարագ, որուն պիտի յաջորդէ քայլարշաւ դէպի Պուրճ Համուտ:
«Այս տարուան քայլարշաւը ոչ միայն պահանջատիրական է, այլեւ զօրակցական, քանի որ պիտի մասնակցին նաեւ Լիբանանի քաղաքական, հասարակական ոլորտի ներկայացուցիչները: Պէյրութի կեդրոնական հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ երիտասարդական «Պատուոյ պահակ» եւ համերգ: Ամրան Ճպէյլի մէջ պիտի բացուի Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի թանգարան, իսկ Պիքֆայայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Նահատակաց հրապարակի բացումը»,- ըսաւ Գանտահարեան: