Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Կիր­պո­սի Հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դա­րա­նին կող­մէ առ­նո­ւած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէա­կան յան­ցանք նկա­տե­լու ո­րոշ­ման ա­ռի­թով, Ուր­բաթ՝ 3 Ապ­րիլ 2015ին, Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս հե­տե­ւեալ նա­մա­կը յղեց Կիպ­

րո­սի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին եւ խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին.-

 

Մեծ ու­րա­խու­թեամբ ի­մա­ցանք, որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով Կիպ­րո­սի Հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դա­րա­նը միա­ձայ­նու­թեամբ պատ­մա­կան ո­րո­շում մը ա­ռած է՝ հաս­տա­տե­լով յա­տուկ օ­րէնք մը, ո­րուն հա­մա­ձայն Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը կը նկա­տո­ւի քրէա­կան յան­ցանք։ Ար­դա­րեւ, մենք եր­բեք չենք մոռ­նար, որ 1975ին Կիպ­րո­սի խորհր­դա­րա­նը հան­դի­սա­ցաւ ամ­բողջ աշ­խար­հին մէջ երկ­րորդ խորհր­դա­րա­նը՝ պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­նա­լու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։

Այս ու­րախ ա­ռի­թով մեր ժո­ղո­վուր­դին ա­նու­նով Մեր խոր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը եւ բարձր գնա­հա­տան­քը կ’ու­զենք յայտ­նել Կիպ­րո­սի խորհր­դա­րա­նին իր այս պատ­մա­կան ո­րո­շու­մին հա­մար։ Այս քաջ ո­րո­շու­մը ար­դա­րու­թեան եւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց նկատ­մամբ Կիպ­րո­սի Հան­րա­պե­տու­թեան ու­նե­ցած զօ­րեղ յանձ­նա­ռու­թեան շօ­շա­փե­լի մէկ ար­տա­յայ­տու­թիւնն է։ Յոյն եւ հայ ազ­գե­րու գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը խո­րա­պէս ար­մա­տա­ցած է մեր փո­խա­դարձ պատ­մու­թեան մէջ։ Մե­ծա­պէս կեն­սա­կան է, որ ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն, երբ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րը տե­ւա­պէս կը բռնա­բա­րո­ւին, մենք շա­րու­նա­կենք մեր գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը վե­րա­նո­րոգ ճի­գով՝ ի խնդիր ար­դա­րու­թեան ու մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան։

Կ­’ա­ղօ­թենք առ Բարձ­րեալն Աս­տո­ւած, որ Կիպ­րո­սի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը պաշտ­պա­նէ նոր ժա­մա­նակ­նե­րու չա­րե­րուն ու չա­րիք­նե­րուն դէմ եւ զինք ա­ռաջ­նոր­դէ դէ­պի ա­ռա­ւել յա­ռաջ­դի­մու­թիւն ու բար­գա­ւա­ճում։

 Ա­ղօ­թա­րար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ