Երեսուն տարիներ առաջ Պէյրութի մէջ հայանուն դաւադիրներու ձեռամբ առեւանգուած, ապա խոշտանգուած ու սպաննուած Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, «Ազդակ-Շաբաթօրեակ Դրօշակ»ի գլխաւոր խմբագիր Սարգիս Զէյթլեանի վաստակը գնահատելու, անոր յիշատակը յարգելու հաւաքուած էին հարիւրաւոր հայորդիներ:
Արդարեւ, Կիրակի՝ 29 Մարտի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահը լեցուած էր Սարգիս Զէյթլեանի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին մասնակցելու համար հաւաքուած՝ Լոս Անճելըսի տարբեր շրջաններէն եկած հայորդիներու բազմութեամբ մը, որ դիմաւորուեցաւ Ռուբէն եւ Գրիգոր Յարութիւնեաններու տուտուկի նուագով:
Առանձնաբար յուզիչ էր Սարգիս Զէյթլեանի տիկնոջ՝ Սոնայի, որդւոյն՝ Հրազդանի, դուստրերուն՝ Սալբիի ու Կարինի ներկայութիւնը ձեռնարկին:
Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ կազմակերպուած յիշատակի երեկոյին բացումը կատարեց Կեդրոնական Կոմիտէի հանրային յարաբերութեանց գրասենեակի վարիչ Սարօ Նազարեան:
Յայտագիրի առաջին բաժինով ներկայացուեցան երկու տեսաերիզներ, առաջինը՝ Սարգիս Զէյթլեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին, իսկ երկրորդը՝ իր կողմէ արտասանուած ճառի մը ընկերակցութեամբ, դարձեալ Զէյթլեանի կեանքի զանազան դրուագները պատկերող նկարներու շարք մըն էր:
Ապա՝ Նայիրի Փանոսեան արտսանեց Յակոբ Յակոբեանի բանաստեղծութիւններէն մէկը:
Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Կ.Կ.ի անդամ Տարօն Տէր-Խաչատուրեան:
Երաժշտական ընդմիջումէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ «Դրօշակ»ի նախկին խմբագիր, հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան, որ յատկապէս այս առթիւ հրաւիրուած էր Աթէնքէն:
Ն. Պէրպէրեան՝ իբրեւ «Ազդակ-Շաբաթօրեակ Դրօշակ»ի գլխաւոր խմբագիր Սարգիս Զէյթլեանի օգնական՝ մօտէն ճանչնալու առիթ ունեցած էր Դաշնակցական ղեկավար գործիչը: Հաւանաբար այդ մօտիկութիւնն էր պատճառը, որ Պէրպէրեանի ելոյթը ստացաւ անմիջականութեան շեշտ մը, որ իրեն կապեց ներկաները:
Ոգեկոչական այս հանդիսութիւնը փակուեցաւ առաջնորդ սրբազան Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի խօսքով եւ աղօթքով: