Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին առնչութեամբ, Ապրիլ 2ին, Մեծ եղեռնի ոգեկոչման վահանակներ տեղադրուած են Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի ամբողջ տարածքին: «Արմէնփրես»ի փոխանցմամբ` Ֆէյս պուքի մէջ գրած է Արման Աբովեան: Վահանակներուն վրայ պատկերուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի խորհըրդանիշ անմոռուկը եւ կարգախօսը` «Յիշում եմ եւ պահանջում», ինչպէս նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը: Ուքրանիոյ հայ համայնքին ուղղուած գրառման մէջ ֆէյսպուքեան օգտատէրը, մասնաւորապէս, կը գրէ.- «Այսօր ամբողջ քաղաքին մէջ նման վահանակներ տեղադրած են:
Եւ ատիկա ըրած են մերինները: Հակառակ քաղաքական արկածախնդրութիւններուն, Ուքրանիոյ մէջ տիրող բարդ իրադրութեան, թոււրքերուն եւ ատրպէյճանցիներու հաւանական վայնասունին, մերինները պարզապէս վերցուցին ու ըրին ատիկա:
Ճանչնալով ձեզ` գիտեմ, որ ասիկա միայն սկիզբն է…Թէկուզ Ուքրանիոյ պաշտօնական իշխանութիւնները իրենց մէջ քաջութիւն չգտան իրաւականօրէն ընդունած Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, դուք չէք յապաղիր, կ՛ընէք այն, ինչ որ ձեր խիղճը ու պատիւը կը թելադրեն»: