Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, երէկ` Չորեքշաբթի, 1 Ապրիլին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով տեղի ունեցաւ ինքնաշարժներով երթ` Պուրճ Համուտէն մինչեւ Ժիպէյլ: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։
«100 տարիէ ի վեր պայքարի երթը կը շարունակուի». այս էր նշանաբանը ինքնաշարժներով երթին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին մեծ թիւով երիտասարդներ եւ հայորդիներ:
Կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Պուրճ Համուտի մայրուղիէն ինքնաշարժները` զարդարուած դրօշակներով եւ 100-ամեակի կարգախօսներով, զուգահեռ ու կարգապահ շարքերով ուղղուեցան դէպի Ժիպէյլ:
Հայաստանի, Լիբանանի եւ Արցախի դրօշակները տրամադրեցին ԼԵՄ-ականները, որոնք նաեւ ինքնաշարժներու երթը կարգաւորեցին եւ առաջնորդեցին մասնակիցները դէպի ձեռնարկին վայրը:
Ինքնաշարժներով երթը ընթացաւ կատարեալ կարգապահութեան մթնոլորտի մէջ: Ամբողջ երթուդարձին ընթացքին ոչ մէկ դէպք արձանագրուեցաւ: Ամբողջ ծովեզերեայ մայրուղին երթին տեւողութեան յաճախ անշարժացաւ: Երթը խլեց տեղացի բազմահազար ուղեւորներուն ուշադրութիւնն ու հիացմունքը: «Վանայ ձայն»-ը իր կարգին անմիջական տեղեկութիւններ սփռեց երթի ընթացքին մասին: Հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, երթին մասնակից ինքնաշարժներուն թիւը գնահատուեցաւ 500-ով: