Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Աւստ­րա­լա­հայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ Կ­լա­տիս Պե­րե­ճի­կեան դար­ձած է Նոր Հա­րա­ւա­յին Ո­ւելս նա­հան­գի ա­ռա­ջին կին գան­ձա­պե­տը: Ա­նոր վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ պի­տի ըլ­լայ 70 մի­լիառ աւստ­րա­լա­կան տո­լար ծա­ւա­լով նա­հան­ գա­յին պիւտ­ճէն:

«Ար­մէնփ­րես»ի­ փո­խանց­մամբ Հայ Դա­տի Աւստ­րա­լիոյ յանձ­նա­խումբն իր ֆէյս­պու­քեան է­ջին վրայ այս մա­սին գրա­ռում կա­տա­րած է եւ   շնոր­հա­ւո­րած հայ պաշ­տօնեան:

Յանձ­նա­խում­բը կը նշէ, որ ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սէ նա­հան­գա­յին նոր կա­ռա­վա­րու­թեան հետ աշ­խա­տանք­նե­րուն, ո­րուն ըն­թաց­քին հնա­րա­ւոր պի­տի ըլ­լայ անդ­րա­դառ­նալ աւստ­րա­լա­հայ հա­մայն­քի հա­մար կա­րե­ւո­րու­թիւն ներ­կա­յացնող հար­ցե­րուն:

Աւստ­րա­լա­հայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ Կ­լա­տիս Պե­րե­ճի­կեան կը զբա­ղեց­նէր Նոր հա­րա­ւա­յին Ո­ւելս նա­հան­գի փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նը:

Ան նա­հան­գի ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան փոխ­նա­խա­գահն է: Ծ­նած է Սիտ­նէյ 1970 թո­ւա­կա­նին: