Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցի նա­խա­շե­մին` Ապ­րիլ 18-ին Փա­սա­տե­նա­յի Յի­շա­տա­կի այ­գիին մէջ պի­տի բա­ցո­ւի 20-րդ դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թեան նուիրո­ւած յու­շար­ձան:

Ըստ Pasadena Now-ի՝ յու­շար­ձա­նը պի­տի ո­գե­կո­չէ օս­մա­նեան թուր­քե­րու ձեռ­քե­րով սպաննուած 1.5 մի­լիոն հայ տղա­մար­դոց, կի­նե­րուն եւ փոք­րիկ­նե­րուն յի­շա­տա­կը: Հան­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րո­ւած է մաս­նակ­ցե­լու յու­շար­ձա­նի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան, որ պի­տի նե­րա­ռէ ե­րաժշ­տու­թիւն, մշա­կու­թա­յին փորձ տե­ղի հպարտ ու բար­գա­ւա­ճող հա­մայն­քին կող­մէ:

Յու­շար­ձա­նի բա­ցու­մը ար­դիւնք է Փա­սա­տե­նա­յի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շար­ձա­նի հար­ցե­րով կո­մի­տէի ե­ռա­մեայ ջան­քե­րուն:

Ա­նի­կա կա­ռու­ցո­ւած է ու­սա­նող ձե­ւա­ւո­րող Քեթ­րին Մե­նըր­տի նա­խա­գի­ծով: Կը ներ­կա­յաց­նէ ե­ռո­տա­նի կա­ռոյց, ուր­կէ թուր­քե­րը կա­խած են հա­յե­րը: Վե­րէն ար­ցուն­քի կա­թիլ­ներ կը թա­փին վա­րը գտնո­ւող ա­ւա­զա­նին մէջ: