Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յիշատակման իւրօրինակ ցուցահանդէս մը կազմակերպուած է Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայք Անթոնովիչի նախաձեռնութեամբ: Մէկ ամիս տեւող ցուցահանդէսին մեկնարկը պիտի կատարուի Ապրիլ 25ին, Լոս Անճելըսի «Կրենտ» զբօսայգիին մէջ: «Îwitness» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին, իրարու կից եւ ոչ համաչափ յուշարձաններու վրայ, եռաչափ պիտի պատկերուին Ցեղասպսանութենէն վերապրած ականատեսներու լուսանկարները:
8-15 ոտքնոց յուշարձանները պիտի չունենան ուղիղ անկիւններ, խորհրդանշելու համար անհաւասարակշիռ աշխարհը, որ միշտ պատերազմի եւ ցեղասպանութեան վտանգի մէջ է:
Ցուցադրութեան գաղափարին հեղինակներն են Արա Օշական եւ Լեւոն Փարեան, ինչպէս նաեւ ճարտարապետ Վահագն Թովմասեան:
«Այս իւրայատուկ ձեռնարկը պիտի յարգէ Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակը եւ պիտի պատմէ 20րդ դարու ամենասարսափելի կոտորածներէն ողջ մնացած ականատեսներու պատմութիւնները», նշած է Անթոնովիչ: