Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Թր­քա­կան «Ս­թար» թեր­թին մէջ, Էր­տինչ Ա­գո­յուն­լո­ւի ստո­րագ­րու­թեամբ հրա­տա­րա­կո­ւե­ցան «­Սուրբ Փր­կիչ» հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լո­ւի կարգ մը յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, ըստ ո­րոնց՝ Շի­րի­նօղ­ լու ը­սած է, թէ «մենք հա­տու­ցում չենք ու­զեր, մենք հաշ­տու­թիւն կ­՛ու­զենք»։
«Ս­թար» թեր­թը այս լու­րը կը հրա­տա­րա­կէ՝ իբ­րեւ պա­տաս­խան մը սփիւռ­քա­հա­յու­թեան դէմ, որ կը պատ­րաս­տո­ւի 1915ի հա­րիւ­րա­մեա­կին։ Շի­րի­նօղ­լու դի­տել տո­ւած է, որ իր մեծ հայրն ալ այդ պա­տա­հար­նե­րուն ըն­թաց­քին մե­ռած էր. այդ շրջա­նի գրգռու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով, եղ­բայ­րը եղ­բօր դէմ հա­ներ են։ «Ես հի­մա կողմ­նա­կից չեմ, որ այս հար­ցը այս­քա՛ն եր­կա­րի. հար­ցը պէտք է վեր­ջա­նայ։ Դէմ եմ եր­կու եր­կիր­ներն ալ այս հար­ցով վի­րա­ւո­րե­լու։ Նա­խա­գահ Էր­տո­ղան ան­ցեալ­նե­րը ը­սաւ, որ բո­լոր ար­խիւ­նե­րը բաց են։ Այս լու­սա­բա­նու­թիւ­նը շատ կա­րե­ւոր էր։ Ես ալ կը մտա­ծեմ, որ այս հար­ցը պէտք է քննար­կո­ւի ու լու­ծու­մի յան­գի։ Թող պատ­մա­բան­նե­րը մի­ջա­մուխ ըլ­լան։ Ե­թէ Թուր­քիոյ ու Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րը բա­ցո­ւին, այն ա­տեն հա­տու­ցում­նե­րէ ալ ա­ւե­լի շա­հա­ւէտ տնտե­սա­կան ար­դիւնք կը ստա­ցո­ւի։ Հաշ­տու­թե­նէն ա­ւե­լի մեծ շահ մը կա՞յ։ Եր­կու եր­կիր­նե­րու դռնե­րը պէտք է բա­ցո­ւին ու պէտք է խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տո­ւի», ը­սած է ան։
­Շի­րի­նօղ­լու դի­տել տո­ւած է նաեւ, որ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, հան­րա­պե­տա­կան շրջա­նին, ներ­կայ իշ­խա­նու­թեան օ­րօք է որ շատ կա­րե­ւոր նկա­տո­ւե­ցան։ «Ար­դա­րու­թիւն եւ բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թիւ­նը վե­րա­դար­ձուց փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն կոր­զո­ւած ի­րա­ւունք­նե­րը», ը­սած է ան եւ ա­ւել­ցու­ցած, որ մեծ թի­ւով հա­յաս­տան­ցի­ներ ներ­կա­յիս Թուր­քիա կ­՛աշ­խա­տին՝ որ­պէս փախս­տա­կան, եւ թէ ինք այս մա­սին խօ­սած է Էր­տո­ղա­նի հետ ու Էր­տո­ղան պա­տաս­խա­նած է, որ «այս հարցն ալ կը լու­ծենք», իսկ ներ­կա­յիս, Գում­գա­բո­ւի մէջ ա­նոնց զա­ւակ­նե­րուն հա­մար դպրոց կայ, եւ 200 հայ­րե­նա­կից­նե­րու զա­ւակ­նե­րը հոն ու­սում կը ստա­նան։

«­Մար­մա­րա», կը գրէ. «Որ­քան կը հասկ­նանք հրա­տար­կո­ւած լու­րէն, Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու այս բո­լո­րը յայտ­նած է որ­պէս իր անձ­նա­կան կար­ծի­քը, մինչ­դեռ թեր­թը զայն կը ներ­կա­յաց­նէ որ­պէս Թուր­քիոյ հա­յոց կար­ծի­քը։ Այս պատ­ճա­ռաւ ալ, հա­մա­ցան­ցի է­ջե­րուն վրայ Շիրի­նօղ­լո­ւի այս խօս­քե­րուն դէմ վե­րա­պա­հու­թեան խօս­քեր ար­տա­սանուած են։ ­Մարտ 30-ին կապ հաս­տա­տե­լով Շի­րինօղ­լո­ւի հետ, ան նոյնը ը­սաւ։ Ան յայտ­նեց, թէ իր անձ­նա­կան կար­ծիքն է, զոր կը յայտ­նէ այս­պի­սի տե­սակցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին»։