Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ եկեղեցական պատարագին ներկայ պիտի ըլլան հայկական քրիստոնէական եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները: Այս մասին կը գրէ News.am-ը` վկայակոչելով իտալական La Stampa-ն:
Պատարագին պիտի մասնակցին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, ինչպէս նաեւ հայ կաթոլիկ պատրիարք Ներսէս Պետրոս XIX-ը:
Եկեղեցական յիշատակի ձեռնարկներու գագաթնակէտը պիտի ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու հաւաքական կերպով սուրբերու շարքը դասելը, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 23-ին, Էջմիածինի մէջ:
Պատարագը պիտի մատուցէ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, իսկ իրենց ներկայութիւնը արդէն հաստատած են 38 քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ներառեալ` էկումենիկ:
Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 23-ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յիշատակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս աշխարհի բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ ժամը 19:15-ին, զանգերը պիտի ղօղանջեն 100 անգամ: