Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Հ­րանդ Տինք հիմ­նար­կը եւ «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թը փո­խադ­րո­ւած են նոր աշ­խա­տա­վայր մը, ուր նա­խա­պէս կը գոր­ծէր հայ­կա­կան վար­ժա­րան՝ «Ա­նա­րատ Յ­ղու­թիւն»ը։ Հիմ­նար­կը անց­նող կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին գե­րա­զան­ցեց իր աշ­ խա­տու­թիւն­նե­րու զա­նա­զա­նու­թիւ­նը եւ ո­րա­կը, ո­րու հե­տե­ւան­քով ան­բա­ւա­րար կը մնար նա­խորդ գրա­սե­նեա­կը։ Տար­բեր նա­խա­գի­ծե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեան հա­մար աշ­խա­տող կազ­մը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն դար­ձու­ցած էր ա­ւե­լի լայն տա­րած­քի մը շա­հա­գոր­ծու­մը։ Բա­ցի հիմ­նար­կի եւ խմբագ­րա­տան աշ­խա­տա­կազ­մէն, շա­տեր կը դի­մեն այս եր­կու հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն, ի­րենց ան­հա­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար։ Այժմ դռնե­րը բաց են բո­լոր այն ե­րի­տա­սար­դու­թեան դի­մաց, ո­րոնք պի­տի կրնան օգ­տո­ւիլ գրա­դա­րա­նէն, ար­խի­ւէն, ժո­ղո­վաս­րա­հէն եւ գրա­սե­նեակ­նե­րէն։ Նոր շէն­քը շնոր­հիւ, հիմ­նա­կան վե­րա­նո­րո­գու­թեան օժ­տո­ւած է հիմ­նար­կի եւ թեր­թի աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու յար­մա­րու­թիւն ըն­ծա­յող բա­ժան­մունք­նե­րով։ Սոյն պա­հան­ջը հիմ­նար­կին կը թե­լադ­րէր հետզ­հե­տէ ինս­տի­տու­տի մը ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը ստանձ­նել։ Այս ան­խու­սա­փե­լի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մըն էր ա­ւե­լի լայն աշ­խա­տա­տե­ղի մը փո­խադ­րուիլ։ Ներ­կայ դրու­թեան մէջ հիմ­նար­կի նախ­կին վայ­րը պի­տի շա­րու­նա­կէ իր ա­ռա­քե­լու­թեան, վե­րա­ծո­ւե­լով յի­շո­ղու­թեան թան­գա­րա­նի մը։ Ար­դա­րեւ հիմ­նա­դիր Հ­րանդ Տին­քի մա­հո­ւան տա­րե­լից­նե­րուն օ­րո­ւայ պատ­գա­մը ա­պա­գա­յին ալ պի­տի փո­խան­ցուի նոյն պատշ­գա­մէն։ Իր նոր կեդ­րո­նա­տե­ղիէն, հիմ­նար­կը պի­տի շա­րու­նա­կէ զարկ տալ Թուր­քիոյ եւ հա­մայն աշ­խար­հի ժո­ղովր­դա­վա­րաց­ման, ա­զատ խօս­քի ի­րա­ւուն­քի եւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց զօ­րաց­ման իր աշ­խա­տան­քին։ Հայ­կա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կի տա­րե­լի­ցին, հիմ­նար­կը ծրագ­րած է աշ­խա­տիլ ի յայտ բե­րե­լու ար­մա­տա­խիլ ե­ղած, ոչն­չա­նա­լու շե­մին հա­սած ազ­գի մը մշա­կոյ­թը ու ա­նոր գի­տա­կան, հա­սա­րա­կա­կան եւ ա­րո­ւես­տա­գի­տա­կան ներդ­րում­նե­րը՝ գի­տա­կան մե­թոտ­նե­րով, ա­կա­դէ­մա­կան հե­տա­զօ­տու­թեամբ եւ բա­նա­ւոր պատ­մու­թեան սեր­տո­ղու­թեամբ։ «Ա­կօս» շա­բա­թա­թերթն ալ նոյն հո­գիով պի­տի շա­րու­նա­կէ մաս­նա­կից ըլ­լալ այս մշա­կոյ­թի կեն­դա­նու­թեան եւ կեն­սու­նա­կու­թեան։ Չորս յար­կա­նի շէն­քը, ընդ­հա­նուր 800 քա­ռա­կու­սի մեթր տա­րած­քի վրայ, գրա­սե­նեակ­նե­րու կող­քին, կը պա­րու­նա­կէ ար­խիւ­նե­րու պա­հոց, գրա­դա­րան, ցու­ցաս­րահ, 80 հո­գի տա­րո­ղու­թեամբ ժո­ղո­վաս­րահ, հան­դի­պում­նե­րու սե­նեակ­ներ, բակ եւ պատշ­գամ։ Ա­նա­րատ Յ­ղու­թիւն կեդ­րո­նէն, «Ա­կօս» եւ Հ­րանդ Տինք հիմ­նար­կը նո­րո­գո­ւած խան­դա­վա­ռու­թեամբ պի­տի շա­րու­նա­կեն ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, յու­սա­լով ներշն­չել նոյն սկզբունք­նե­րը կի­սող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, խմբա­ւո­րում­նե­րը եւ ան­հատ­նե­րը։ Սար­գի­սէն նո­ւէր մը կեդ­րո­նին… Ա­նա­րատ Յ­ղու­թիւն վար­ժա­րա­նը փա­կած էր դռնե­րը ա­շա­կերտ­նե­րու թի­ւին նո­ւա­զեց­ման պատ­ճա­ռով՝ Հիմ­նար­կը կու գայ որ­պէս վար­ձա­կալ, 20 տա­րո­ւան հա­մա­ձայ­նու­թեամբ մը, իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը հոս­կէ շա­րու­նա­կե­լու, եւ նո­րա­րար ինք­նու­թեամբ մը գոր­ծե­լու կրթու­թեան ու գի­տու­թեան աս­պա­րէզ­նե­րուն մէջ։ Ժա­մա­նա­կա­կից ա­րո­ւես­տի ա­ռա­ջա­ւոր դէմ­քե­րէն Սար­գիս, որ Թուր­քիան պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Վե­նե­տի­կի պիէ­նա­լին, շէն­քի ցու­ցաս­րա­հին նո­ւի­րած է մնա­յուն ա­րո­ւես­տի գործ մը։