Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Բազ­մա­հա­զար հայ մա­նուկ­ներ ի­րենց ծնող­նե­րուն ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, Կիրակի առաւօտ՝ փու­թա­ցին Ան­թի­լիա­սի մայ­րա­վանք` տօ­նախմ­բե­լու Ք­րիս­տո­սի մուտ­քը Ե­րու­սա­ղէմ: Հո­գե­պա­րար տե­սա­րան պար­զո­ւե­ցաւ Ան­թի­լիա­սի մայ­րա­վան­քին մէջ, երբ հայ մա­նուկ­նե­րը մո­մե­րով ու ձի­թե­նիի ճիւ­ղե­րով մաս­նա­կից դար­ձան Ծաղ­կա­զար­դի թա­փօ­րին, ա­պա լսե­ցին Ա­րամ Ա. վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին հայ­րա­կան խօս­քը:

«Այ­սօր մենք կը դի­մա­ւո­րենք մեր Փր­կի­չին յաղ­թա­կան մուտ­քը Ե­րու­սա­ղէմ: Ի՜նչ գե­ղե­ցիկ ե­րե­ւոյթ է տես­նել մեր մա­նուկ­նե­րը ի­րենց ծնող­նե­րով, ո­րոնք ե­կած են Ծաղ­կա­զար­դի խոր­հուր­դով ծաղ­կա­զար­դե­լու ի­րենց կեան­քը», ը­սաւ վե­հա­փա­ռը եւ ա­ւել­ցուց. «Այ­սօր, նաեւ մենք կը տօ­նենք հայ ժո­ղո­վուր­դին Ծաղ­կա­զար­դը: Նա­յե­ցէք ձեր շուրջ: Ծաղ­կա­զար­դո­ւած է հայ կեան­քը` Հա­յաս­տա­նէն մին­չեւ Ար­ցախ, Լի­բա­նան եւ սփիւռս աշ­խար­հի: Պայ­ծա­ռա­կեր­պուած է մեր կեան­քը հո­գե­ւոր ու բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րով: Վե­րա­նո­րո­գո­ւած է մեր կեան­քը ազ­գա­յին ձգտում­նե­րով ու ե­րազ­նե­րով»:

Վե­հա­րա­նի պատշ­գա­մէն, Ան­թի­լիա­սի մայ­րա­վան­քին մէջ հա­ւա­քո­ւած բազ­մա­հա­զար ժո­ղո­վուր­դին ուղ­ղած իր պատ­գա­մին ա­ւար­տին, վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը նաեւ անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ա­մեա­կին` նշե­լով. «Ինչ­պէս գի­տէք, ներ­կայ տա­րին 100-ա­մեակն է Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան. չմոռ­նանք, որ 100 տա­րի­ներ ա­ռաջ ցե­ղաս­պան թուր­քը մեր նա­խա­հայ­րերն ու նա­խա­մայ­րե­րը ջար­դեց. ու­զեց հայ ժո­ղո­վուր­դը բնաջն­ջել ու Հա­յաս­տա­նը ջնջել աշ­խար­հի քար­տէ­սէն: Սա­կայն, ան չյա­ջո­ղե­ցաւ իր ծրա­գի­րին մէջ: Այ­սօր հայ ժո­ղո­վուր­դը յա­րու­թիւն ա­ռած է իր ա­զատ ու ան­կախ հայ­րե­նի­քով, ինք­նիշ­խան Ար­ցա­խով ու կազ­մա­կերպ սփիւռ­քով: Այ­սօր հայ ժո­ղո­վուր­դը պա­հան­ջա­տէր է. ան կը պա­հան­ջէ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը եւ իր ի­րա­ւունք­նե­րուն հա­տու­ցու­մը: Այս ո­գիով ու յանձ­նա­ռու­թեամբ մենք պէտք է մեր մա­նուկ­նե­րը դաս­տիա­րա­կենք մեր ըն­տա­նիք­նե­րուն եւ դպրոց­նե­րուն մէջ» կոչ ուղ­ղեց վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը:

Հայ­րա­պե­տա­կան պատ­գա­մէն ետք, Ա­րամ Ա. կա­թո­ղի­կոս վե­հա­րա­նին մէջ ըն­դու­նեց հայ մա­նուկ­ներն ու ա­նոնց ծնող­նե­րը: Տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ջա­համ­բոյր: Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը բո­լոր մա­նուկ­նե­րուն նո­ւէր­ներ բաշ­խեց` տօ­նա­կան ու­րա­խու­թեամբ լեց­նե­լով ա­նոնց սրտե­րը:

Նշանեան կը պայքարի դատական դաւադրութեան դէմ

Հան­րա­ծանօթ մտա­ւորա­կան Սե­ւան Նշա­նեան Թուրքիոյ մէջ շի­նարա­րական կա­նոն­նե­րու խախտման մե­ղադ­րանքով բան­տարկուած միակ անձն է։ Ան այս յատ­կութիւ­նը կը պար­տի առանց որե­ւէ շահ ակնկա­լելու, հին պատ­մա­կան բնա­կարան­նե­րը՝ հնա­գէտ ճար­տա­րապե­տի մը բծախնդրու­թեամբ վերա­կառու­ցե­լուն։ Նշա­նեան իրեն վե­րագ­րուած «յան­ցանքը» գոր­ծեց նախ­կին յու­նա­կան գիւ­ղի մը մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գը վե­րակեր­տե­լով։ Իր ջան­քե­րուն շնոր­հիւ Իզ­մի­րի Սել­չուք գա­ւառի Շի­րին­ճէ գիւ­ղը վե­րածուած է զբօ­սաշրջա­կան կեդ­րո­նի։
Թուրքիոյ բո­լոր քա­ղաքա­ցինե­րը գի­տեն, թէ ան դա­տական դա­ւադ­րութեան մը զոհ գա­ցած է յատ­կա­պէս իր քա­ղաքա­կան արիու­թեան եւ խի­զախ ելոյթնե­րուն պատ­ճա­ռաւ։ Հե­տեւո­ղական բնոյ­թով բո­ղոք­ներ յայտնուած էին իր դէմ եւ բան­տարկու­թե­նէ ետք անոնք մի առ մի կ՚աւար­տին բան­տարկու­թեան պա­տիժ­նե­րով։ Այս առ­թիւ Նշա­նեանի փաս­տա­բան Կիւլչին Ավ­շար Վճռա­բեկ Ատեան դի­մած է նման բնոյ­թի յան­ցանքնե­րու հա­մար միայն մէկ ու միացեալ վճիռ ար­ձա­կելու պա­հանջով։ Ներ­կայ կա­ցու­թեամբ, ան 11 թղթած­րարնե­րու հա­մար դա­տապար­տուած է 14 տա­րի 2 ամիս բան­տարկու­թեան պատիժի։