Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Խոր ցա­ւով ի­մա­ցանք Պոլ­սոյ «Ա­կօս» երկ­լե­զու շա­բա­թա­թեր­թի հա­յե­րէն է­ջե­րու խմբա­գիր Սար­գիս Սե­րով­բեա­նի մա­հը, որ պա­տա­հած է Շա­բաթ Մարտ 28ի ե­րե­կո­յեան, յետ եր­կա­րա­տեւ հի­ւան­դու­թեան: «­Յար­գան­քով կը խո­նար­հինք Սար­գիս Սե­ րով­բեա­նի յի­շա­տա­կին առ­ջեւ, ան «Ա­կօս»ին միա­ձու­լո­ւած խորհր­դա­նիշ մըն էր: Խոր վիշ­տով կը ցա­ւակ­ցինք ըն­տա­նի­քին եւ բո­լոր սի­րե­լի­նե­րուն», կը գրէ «Ա­կօս»: Սար­գիս Սե­րով­բեան ծնած էր 1935ին: Միջ­նա­կար­գէն ետք նե­տո­ւած է կեան­քի աս­պա­րէզ, մէկ կող­մէն աշ­խա­տակ­ցե­լով զա­նա­զան օ­րա­թեր­թե­րու եւ պար­բե­րա­կան­նե­րու: Ըն­դա­ռա­ջե­լով Հ­րանդ Տին­քի ա­ռա­ջար­կին, մաս կազ­մած է «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր խմբա­կին, ստանձ­նե­լով հա­յե­րէն է­ջե­րու խմբագ­րու­թիւ­նը: Այդ օ­րէն ի վեր ղե­կա­վա­րած է թեր­թին հա­յե­րէն բա­ժի­նը:

Յու­նա­հայ գա­ղու­թը ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ 2014-ի ա­ւար­տին, իր ներ­կա­յու­թիւ­նը վա­յե­լե­լու, Ա­թէն­ք իր այ­ցե­լու­թեան ա­ռի­թով։ Ա­ւե­լի վերջ, նոյն­պէս Հիւ­սի­սա­յին Յու­նաս­տա­նի Ք­սան­թի գա­ղու­թի հա­յու­թիւնն ալ ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ ի­րեն հե­տե­ւե­լու դա­սա­խօ­սա­կան ե­րե­կո­յի մը ըն­թաց­քին։ «Ա­զատ օր»-ը  իր ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նէ «Ա­կօս»ին եւ Սե­րով­բեան ըն­տա­նի­քին: