Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին ընդառաջ գերմանացի ծանօթ պատմաբան Միքայէլ Հեսման յայտարարած է Վատիկանի գաղտնի արխիւներուն մէջ մինչեւ այսօր չհրապարակուած 2.000 էջնոց փաստաթուղթերու
յայտնաբերման մասին, զորս անուանած է «Պատմութեան մէջ քրիստոնեաներու ամենամեծ հետապնդումը»:
Հռոմէն լոյս տեսնող Zenit առցանց թերթին տուած հարցազրոյցի ընթացքին պատմաբանը ուշագրաւ տեղեկութիւններ հաղորդած է Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ Հռոմի Սուրբ Աթոռին, մասնաւորապէս` Հռոմի Բենեդիկտոս ԺԵ. պապի դիրքորոշման մասին, որ 1915ին բազմաթիւ անգամներ կոչ կ՚ընէր դադրեցնելու Հայերուն հանդէպ կատարուող բռնութիւնները:
Անդրադառնալով փաստաթուղթերու յայտնաբերման պատմութեան` Հեսման ըսած է. «Զիս հետաքրքրեց Հայոց ցեղասպանութեան թեման, երբ կարդացի Քէօլնի արքեպիսկոպոս կարդինալ ֆոն Հարթմանի` 1913ին Գերմանիոյ Ռէյխի վարչապետին ուղղուած նամակը, ուր կը խնդրէր օգնել` կանխելու Հայոց նոր ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելքէն ռուսական զօրքերու դուրսբերումէն ետք:
«Այնուհետեւ նոր եւ նոր փաստաթուղթեր յայտնաբերեցի, աւելի քան՝ 2.000 էջ, որոնց մեծամասնութիւնը ո՛չ հրապարակուած է, ո՛չ ալ ուսումնասիրուած ոեւէ պատմաբանի կողմէ։
Մինչ այդ ուսումնասիրելով Ցեղասպանութեան թեման՝ ծանօթ էի Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւներուն մէջ պահուող փաստաթուղթերուն, որոնք պատրաստուած էին օսմանեան պաշտօնեաներու ու դիւանագէտներու կողմէ, իսկ այս փաստաթուղթերը նոր ուսումնասիրութեան նիւթ են։
Ի հարկէ, կարեւոր աղբիւրներէն են նաեւ Միացեալ Նահանգներու դիւանագէտներու զեկոյցները, յատկապէս՝ ԱՄՆ-ու Պոլսոյ դեսպան Հենրի Մորկենթաուի փայլուն զեկոյցը։ Մինչ այժմ հանդիպած եմ նաեւ անգլիացի, ֆրանսացի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ իտալացի դիւանագէտներու զեկոյցներու, սակայն Վատիկանի փաստաթուղթերը տեղեկատւութեան հիանալի աղբիւր են”
Խօսելով կոտորածներու պատճառներուն մասին, պատմաբանը ըսած է. “Կոտորածները սկսան, երբ Թուրքերը խուզարկութիւններ կատարեցին հայկական տուներու մէջ՝ զէնք յայտնաբերելու նպատակով, ինչ որ օգտագործեցին որպէս ապստամբութեան դաւադրութեան «վկայութիւն», որ, ի հարկէ, անհեթեթութիւն էր։ Ատոր հետեւեցան այրերու ձերբակալութիւնները, չարչարանքներն ու սպանութիւնները։ Այնուհետեւ կիները, տարեցները եւ երախաները ստիպեցին հարիւրաւոր քիլոմեթրեր անցնիլ Անատոլիոյ լեռնային տարածքներով՝ առանց ջուրի եւ ուտելիքի։
Շուրջ 350.000ը, հասնելով սուրիական անապատ, տեղաւորուեցան համակեդրոնացման ճամբարներու մէջ, որմէ ետք սկսաւ «մահուան երթը» Սուրիոյ անապատով, ուր շատերը սպաննուեցան։ Քանի մը տասնեակ հազար մարդիկ միայն ողջ մնացին, անոնց մեծ մասը որբեր էին, որոնց համար Բենեդիկտոս ԺԵ. պապը երկու որբանոց տրամադրեց”, պատմած է գիտնականը:
Խօսելով հաւանական զարգացումներու մասին` գերմանացի պատմաբանը յատկապէս նշած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը նոյն կիրքով կը փորձէ համաշխարհային գրականութեան մէջ բոլոր միջոցներով ջնջել Հայոց Ցեղասպանութեան հետքը` կանխելով Հայոց կոտորածներու` որպէս ցեղասպանութիւն ճանաչումը:
“Բայց տեղի ունեցած է ցեղասպանութիւն՝ ըստ ՄԱԿ-ի սահմանումին, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներու ամենամեծ հալածանքը պատմութեան մէջ, որուն զոհ գացին միլիոն ու կէս հայ եւ մօտ մէկ միլիոն քրիստոնեայ Սուրիացիներ եւ Յոյներ”, ըսած է գերմանացի պատմաբանը:
Դեռ 2012 Փետրուարին յայտարարուեցաւ, որ Վատիկան կը սկսի բանալ 400ամեայ անցեալ ունեցող գաղտնի արխիւները, սկսած` 1621 թուականէն: Արխիւային փաստաթուղթերուն մէջ կան նաեւ այնպիսիներ, որոնք կը վերաբերին Հայոց ցեղասպանութեան:
Նախապէս, Վատիկանի գաղտնի արխիւի պատասխանատու, եպիսկոպոս Սերճիօ Պաքանօ յայտարարած էր, որ Հայոց մասին փաստաթուղթերը պիտի հրապարակուին: Անոնց մէջ տեղեկութիւններ կան «թրքական զօրքերու կողմէ հայերու տանջանքներուն մասին»: