Կազմակերպութեամբ Մօթևիտէոյի հայ երիտասարդական միութիւններուն, 26 Մարտի երեկոյեան, Հայոց Ցեղասպանութեան Հրապարակի տարածքին, տեղի ունեցաւ լուռ ցոյց մը որու ընթացքին մասակից երի
տասարդները յատակին նստած և իրենց բերանները կարմիր երիզներով կապած, տպաւորիչ ցոյց մը կատարեցին որ ուշադրութիւնը գրաւեց անցորդներուն, մինչ կարգ մը երիտասրդներ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին թերթոններ կը բաժնէին բազմաթիւ անցորդներուն, որոնք հետաքրքրութեամբ աւելի տեղեկութիւններ կը փափաքէին ունենալ Ցեղասպանութեան մասին:
Տղաքն ու աղջիկները իրենց հետ ունէին պաստարներ որոնց վրայ գրուած էր «Կը զօրակցինք աշխարհի մէջ բոլոր ինկածներու հետ», «Ոչ մարդու իրաւունքներու խաղդումներուն», «Հայոց Ցեղասպանութիւն բնաւ երբէ՛ք»։
Երիտասարդներու այս ձեռնարկը արձագանգ գտաւ նաև տեղական զանգուածային մամուլի կողմէ։