Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր


Ուրբաթ, 4 Նոյեմբեր 2011-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Փանոս Քալոկերոփուլոսի այցելութիւնը:


Նախապէս բազմաթիւ առիթներով դեսպանը Անթիլիաս այցելած ըլլալով՝ մտերմիկ շեշտ ստացաւ հանդիպումը, որ առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու հայ եւ յոյն ժողովուրդներու անցեալի պատմութեան դարաւոր փոխ յարաբերութեանց, ինչպէս նաեւ հայ եւ յոյն ուղղափառ Եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան:
 
Հանդիպման ընթացքին խօսակցութիւնները կեդրոնացան յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան, Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան, Յունաստանի հայ համայնքի կեանքին, միջազգային տնտեսական տագնապին, Եւրոպական Միութեան ներքին հարցերուն, ինչպէս նաեւ անոր անմիջական ազդեցութիւնը կրող Յունաստանի տնտեսական ճգնաժամի վերիվայրումներուն վրայ: