Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Վեր­ջերս, ­­Կի­լի­կիոյ ­­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան եւ Ի­րա­նի Կ­րօն­նե­րու եւ Մ­շա­կոյ­թի ­­Կազ­մա­կեր­պու­թեան մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած է կրօն­նե­րու երկ­խօ­սու­թեան 6րդ ­նիս­տը, ո­րուն ըն­թաց­քին ըն­դու­նո­ւած է միա­ցեալ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, ուր տեղ գտած է նաեւ ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­տա­պար­տու­մը: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ  Ֆ­րան­սա­յի «­­Նոր ­­Յա­ռաջ»ը։

Լ­րագ­րող­նե­րու հետ ­­Մարտ 19ին կազ­մա­կեր­պո­ւած հան­դի­պու­մի մը ըն­թաց­քին, այդ յայ­տա­րա­րու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան եւ նշա­նա­կու­թեան մա­սին խօ­սած են ի­րա­նա­գէտ ­­Կա­րէն Մկրտ­չեան եւ Ե­րե­ւա­նի ­­Պե­տա­կան ­­Հա­մալ­սա­րա­նի (Ե.Պ.Հ.) պատ­մու­թեան բաժ­նի տե­սուչ Է­դիկ ­­Մի­նա­սեան: Ա­նոնք հա­մո­զո­ւած են, որ այդ փաս­տա­թուղ­թին մէջ ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­տա­պար­տու­մին ընդգր­կու­մը պա­տա­հա­կա­նու­թիւն չէր եւ թէ ա­տի­կա պի­տի նպաս­տէ ­հե­տա­գա­յին ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Ի­րա­նի կող­մէ ա­ւե­լի բարձր մա­կար­դա­կով ճա­նաչ­ման եւ դա­տա­պարտ­ման:

­­Կա­րէն Մկրտ­չեա­նի գնա­հա­տու­մով` ըն­դու­նո­ւած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կա­րե­ւոր է թէ՛ քա­ղա­քա­կան, թէ՛ կրօ­նա­կան, եւ թէ քա­ղա­քակր­թա­կան ա­ռու­մով: Ըստ Մկրտ­չեա­նի, այդ յայ­տա­րա­րու­թեան դե­րը ա՛լ ա­ւե­լի կը շեշ­տո­ւի յատ­կա­պէս մեր­ձա­ւոր-ա­րե­ւե­լեան աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ներ­կայ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու են­թա­խոր­քին վրայ:

«Ի հար­կէ՝ խորհր­դա­րա­նա­կան մա­կար­դա­կով դա ճա­նա­չում չէ, բայց զուտ փաս­տաթղ­թա­յին ի­մաս­տով եւ զուտ դի­ւա­նա­գի­տու­թեան տե­սա­կէ­տից դա կա­րե­ւոր է, իս­կա­պէս։ ­­Գաղտ­նիք չէ, որ ի­րա­նա­կան կող­մը յայտ­նի դի­ւա­նա­գի­տա­կան հմտու­թիւն­նե­րին տի­րա­պե­տող եր­կիր է։ Այդ տե­սա­կէ­տից ու­նի հա­զա­րա­մեակ­նե­րի պատ­մու­թիւն եւ փորձ։ Բ­նաւ պար­տա­դիր չէ շատ հար­ցեր ուղ­ղա­կի ձե­ւով խորհր­դա­րա­նում դնէր քննարկ­ման, դա­տա­պար­տէր, ո­րով­հե­տեւ այս եր­կիրն ու­նի շատ ա­ռանց­քա­յին եւ կա­րե­ւոր ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­ներ, եւ մենք հէնց դրա­նով պի­տի ըն­կա­լենք ու գի­տակ­ցենք այդ փաս­տաթղ­թի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, քա­նի որ փաս­տաթղ­թում այն, ինչ որ աս­ւում է, ինչ որ նշւում է, դրանք ար­տա­ցո­լում են երկ­րի բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան դիր­քո­րո­շու­մը նաեւ։ ­­Դա շատ կա­րե­ւոր է տո­ւեալ պա­հին»,- ընդգ­ծած է ­­Կա­րէն Մկրտ­չեան: Ի­րա­նա­գէ­տին հա­մա­ձայն` միա­ժա­մա­նակ պէտք չէ մոռ­նալ նաեւ այն հան­գա­ման­քը, որ ­­Թուր­քիոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը չվատ­թա­րաց­նե­լու հարց կայ: Այ­դու­հան­դերձ, Մկրտ­չեա­նի կար­ծի­քով՝ Ի­րա­նի մէջ նկա­տե­լի է ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման մի­տում եւ պէտք է ա­պա­գա­յին ա­ւե­լի ծան­րակ­շիռ փաս­տա­թուղ­թեր ակն­կա­լել` ար­ժե­ւո­րե­լով յի­շեալ ըն­դու­նո­ւած փաս­տա­թուղ­թը: