Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Նոր­վե­կիոյ ­Վար­չա­պետ Էռ­նա ­Սօլ­պէրկ յայ­տա­րա­րեց, որ պի­տի չմաս­նակ­ցի ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­յա­նա­լիք ­Հայ­կա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ա­մեա­կի յի­շա­տա­կու­թեան ձեռ­նարկ­նե­րուն, պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով, թէ ­Թուր­քիոյ հետ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապն­դու­մը շատ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր է ի­րենց հա­մար։ Էռ­նա ­Սօլ­պէրկ նշեց որ ­Նոր­վե­կիան ­Վար­չա­պե­տի եւ Ար­տա­քին ­Գոր­ծոց ­Նա­խա­րա­րու­թեան մա­կար­դա­կով պի­տի չմաս­նակ­ցի ձեռ­նարկ­նե­րուն, միայն ­Հա­յաս­տա­նի ­Նոր­վե­կիոյ ա­ւագ դես­պանն է որ պի­տի մաս­նակ­ցի։

Իսկ ­Նոր­վե­կիոյ ­Վար­չա­պե­տա­րա­նի ­Խորհր­դա­կան ­Պաարտ Կ­լատ ­Փէ­տէր­սէն յայտ­նեց, որ պատ­մա­կան նիւ­թե­րը պէտք է պատ­մա­գէտ­նե­րուն թո­ղուլ։ «­Հա­յոց այս նիւ­թը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն յա­ճա­խա­կիօ­րէն վի­ճա­բա­նու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նայ։ ­Սա­կայն ՄԱԿ-ի ո­րո­շում­նե­րով յայտ­նի է թէ ինչ բան ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կը նկա­տո­ւի, ինչ բան չի նկա­տո­ւիր։ Այդ պատ­ճա­ռով, ձգենք որ ար­ժե­ւո­րում­նե­րը կա­տա­րեն պատ­մա­գէտ­նե­րը։» ը­սաւ ան։