Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Մարտ 18ին, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տան ան­դամ­ներ ­Ռա­պըրթ ­Տոլտ, Է­տըմ ­Շիֆ, ­Տէյ­վիտ ­Վա­լա­տաօ, Ֆ­րենք ­Փա­լոն եւ 40 այլ պաշ­տօ­նա­կից­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցած են «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճշմար­

տու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան բա­նա­ձեւ»ը, ուր կոչ կ­՛ուղ­ղո­ւի Ա.Մ.Ն. նա­խա­գա­հին՝ հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը հիմ­նե­լու ­Թուր­քիոյ կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րո­ղու­թեան ճա­նաչ­ման վրայ։ Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ «Աս­պա­րէզ»ը: ­Բա­նա­ձե­ւին նպա­տակն է նաեւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած ար­դար եւ ամ­բող­ջա­կան մի­ջազ­գա­յին ար­խիւ մը գո­յաց­նել։ Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր վա­րիչ Ա­րամ ­Համ­բա­րեան ող­ջու­նեց բա­նա­ձե­ւին մշա­կու­մը: «Կ­՛ա­ջակ­ցինք այս նոր, երկ­կող­մա­նի մօ­տեց­ման, ո­րուն նպա­տակն է պահ­պա­նել տա­րա­ծաշր­ջա­նի խա­ղա­ղու­թիւ­նը, պաշտ­պա­նել ­Հա­յաս­տա­նը եւ կան­խել ա­պա­գայ դա­ժա­նու­թիւն­ներ: Ար­դա­րու­թեան վրայ հիմ­նուած այս նո­րա­րա­րա­կան մօ­տե­ցու­մը կոչ կ­՛ուղ­ղէ Ա­մե­րի­կա­յին՝ նոր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն որ­դեգ­րե­լու: Ա­նի­կա ար­տա­ցո­լա­ցումն է ա­մե­րի­կեան ար­ժէք­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ ճա­նա­չում, թէ մեր ազ­գա­յին շա­հե­րու հե­տապն­դու­մը կրնայ նպաս­տել ­Թուր­քիոյ կող­մէ ճշմար­տու­թեան ա­ղա­ւաղ­ման ջան­քե­րու ձա­խո­ղու­թեան ու այս ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցի մի­ջազ­գա­յին կար­գա­ւոր­ման»,- յայ­տա­րա­րեց ան: