Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Եւ­րո­պա­յի ­Հա­կա­ցե­ղա­պաշտ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւունք­նե­րու ­Միու­թիւ­նը, «­Տուր­տէ» ­Նա­խա­ձեռ­նու­թիւնն ու ­Հայ ­Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր ­Միու­թիւ­նը կոչ ը­րած են Ապ­րիլ 24ին ­Պո­լիս այ­ցե­լե­լու, մաս­նակ­ցե­լու հա­մար ­Հայ­կա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կի ա­րա­րո­ղու­թեան։ Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ «Ա­կօս»ը:

­Հա­մա­ցան­ցի վրայ սկսած «#Remember24April1915» ստո­րագ­րա­հա­ւա­քի ծի­րէն ներս, 6 լե­զու­նե­րով տա­րա­ծո­ւած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կ­՛ը­սո­ւի.-

«­Մենք, որ­պէս այս յի­շա­տա­կի օ­րո­ւան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը կազ­մա­կեր­պող, ո­գե­կո­չող եւ մաս­նակ­ցող եւ­րո­պա­ցի­ներ, հա­յեր, թուր­քեր եւ քիւր­տեր, կոչ կ­՛ը­նենք բո­լո­րին, որ կա­րե­ւո­րու­թիւն տան ճշմար­տու­թեան, ներ­կայ ըլ­լան Կ. ­Պոլ­սոյ մէջ կա­յա­նա­լիք մի­ջո­ցառ­ման՝ նուիրուած հա­յե­րու հան­դէպ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան»:

­Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ նաեւ նշո­ւած է, թէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ոչ միայն հա­յե­րու եւ թուր­քե­րու հարցն է, այ­լեւ՝ ամ­բողջ մարդ­կու­թեան.- «Այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ար­դա­րու­թեան ո­րո­նում է: ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­նող ցե­ղա­պաշ­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­մե­նա­վատ ա­րարք­նե­րէն մէ­կուն՝ ցե­ղաս­պա­նու­թեան հեր­քումն է: Ժխ­տո­ղա­կա­նու­թեան դէմ պայ­քա­րը ցե­ղա­պաշ­տու­թեան դէմ պայ­քար է, հե­տե­ւա­բար՝ ա­նի­կա պայ­քար է ա­ւե­լի ար­դար եւ հա­ւա­սար հա­սա­րա­կու­թեան հա­մար»:

­Փաս­տա­թուղ­թին մէջ յատ­կա­պէս շեշ­տո­ւած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կի օ­րը ­Թուր­քիա գտնո­ւե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, խթա­նե­լու հա­մար ­Թուր­քիոյ մէջ խօս­քի ա­զատ դրսե­ւո­րու­մը: