Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Մեծ պահքի Միջինքի օրը Մարտ 11-ին, Ջաւախքի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդութեան նախաձեռնութեամբ Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ արդէն 4-րդ անգամ իրականացուեցաւ «Հայկական Գաթա» փառատօնը, որ իր շուրջ համախմբած էր Ջաւախք աշխարհի տիկինները, որոնք  ամենայն սիրով ու ջերմութեամբ թխած էին միջինքի գաթաները: Այս մասին կը յայտնէ Akhaltskha.net-ը։
Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Տաթեւ քահանայ Մարուքեանը խօսքով դիմեց հաւատացեալներուն. «արդէն աւանդական դարձած Միջինքի Գաթայի փառատօնը մեզ եւս մէկ անգամ համախմբած է Տիրոջ տան մէջ՝ նախեւառաջ աղօթքով եւ փառաբանութեամբ լեցնելու մեր հոգիները եւ այնուհետեւ՝ հոգեպարար ջերմութեամբ քրիստոնէավայել սիրով իրարու հետ կիսելու հայկական գաթայի համն ու բոյրը: Մեծագոյն օրհնութիւնը ոչ թէ գաթայի մէջէն մետաղադրամ գըտնելն է, այլ իրարու սիրով հիւրասիրելու հայկական ու քրիստոնէական վեհ գաղափարները գտնելու հնարաւորութիւնն է: Այս փառատօնը մեզ հնարաւորութիւն կու տայ վերագտնելու ազգային արժէքներն ու սովորոյթները՝ այդ ամէնը ի կատար ածելով միմիայն աստուածային օրհնութեան հայցմամբ»,- իր խօսքի մէջ նշեց Տէր Տաթեւ քահանայ Մարուքեանը:
Այնուհետեւ, Տէր Տաթեւ քահանայ Մարուքեանի եւ Տէր Տիգրան քահանայ Մխիթարեանի կողմէն օրհնուեցան բոլոր գաթաները, որմէ ետք հայկական տարազներով աղջիկները եկեղեցւոյ բակի մէջ զայն մատուցեցին ներկաներուն:
Ջաւախքի կիները  առանձնայատուկ կերպով պատրաստուած էին ամենամեայ դարձած փառատօնին: Փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Ախալքալաքի տարածաշրջանի շուրջ 11 գիւղեր, 10-է աւելի կազմակերպութիւններ եւ 55 տիկիններ:

Փառատօնը կ’ընդարձակուի
Աւանդութեան համաձայն, հին ժամանակ Միջինքի օրը նշանուած աղջիկ կամ տղայ ունեցող ընտանիքներու մէջ ձէթով բաղարջ կը թխուէր, մէջը հուլունք կամ դրամ կը դրուէր եւ կ’ուղարկուէր փոխադարձաբար փեսացուին կամ հարսընցուին, իսկ կտրելու ժամանակ հաւասար բաժին կը հանեն տան բոլոր անդամներուն: Որու  բաժինի մէջէն ան դուրս գար, այդ տարուան ընթացքին անոր յաջողութիւնը ապահովուած էր: