Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Բրիտանիոյ արքայազուններ Չարլզ եւ Հարի Ապրիլ 24ին պիտի մասնակցին Կալիփոլիի ճակատամարտին նուիրուած միջոցառման. այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Թաքվիմ»ը: Անոնք Ապրիլ 24-25ին Թուրքիա պիտի գտնուին, իսկ Էլիզապէթ Բ. թագուհին պիտի մասնակցի Անգլիոյ մէջ կայանալիք՝ Կալիփոլիի ճակատամարտին նուիրուած միջոցառումներուն: Կայքը կը տեղեկացնէ նաեւ, որ նոյն օրերուն, «հայկական պնդումներու հարիւրամեակին» մասնակցելու համար, Երեւան պիտի մեկնի Բրիտանիոյ կառավարութեան  ներկայացուցիչը: