Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ա­մե­րի­կա­ցի Քոնկ­րե­սա­կան­ներ Ճու­տի Չո­ւէն եւ Է­տըմ Շի­ֆէն բա­ցի, Պա­քո­ւի, Սում­կա­յի­թի եւ Կի­րո­վա­պա­տի մէջ 1988էն 1990 հա­յոց դէմ գործուած կո­տո­րած­նե­րու զոհե­րուն յի­շա­տա­կին նո­ւի­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով, հան­ դէս ե­կած են Ծե­րա­կու­տա­կան Հար­րի Փի­թըր­զը, Քոնկ­րե­սին մէջ Հայ­կա­կան Հար­ցե­րու Խում­բի հա­մա­նա­խա­գահ­ներ Ֆ­րենք Փա­լո­նը եւ Ռո­պըրթ Տոլ­տը, Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան ան­դամ­ներ Քեթ­րին Ք­լար­քը, Ճիմ Քես­թան եւ Պ­րեթ Շեր­մը­նը: Ա­մե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բէն News.amին յայտ­նած են, որ Ա.Մ.Ն. օ­րէնս­դիր­նե­րը կը դա­տա­պար­տեն Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի եւ ա­նոր կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ շա­րու­նա­կո­ւող բռնու­թիւ­նը եւ սպառ­նա­լիք­նե­րը:

Ծե­րա­կու­տա­կան Փի­թըրզ յայ­տա­րա­րած է.- «Կ­՛ու­զեմ իմ յար­գան­քի տուրքս մա­տու­ցել 27 տա­րի ա­ռաջ Ատր­պէյ­ճա­նի պե­տու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած հայ­կա­կան կո­տո­րած­նե­րու զո­հե­րուն յի­շա­տա­կին: Ի­րա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը պէտք է յար­գէ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րը, թոյլ տայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն խա­ղաղ եւ ա­զատ խօ­սե­լու, ինչ­պէս նաեւ պաշտ­պա­նե­լու բո­լոր բնա­կիչ­նե­րուն ի­րա­ւուն­քը»:

Քոնկ­րե­սա­կան Փա­լոն նշած է.- «­Մենք պա­տաս­խա­նատուու­թիւն կը կրենք եւ պէտք է բարձ­րաց­նենք մեր ձայ­նը, երբ մար­դոց խումբ մը բռնու­թեան թի­րախ կը դառ­նայ միայն ցե­ղա­յին պատ­կա­նե­լիու­թեան հա­մար: Ես իմ գոր­ծըն­կեր­նե­րուս հետ կը շա­րու­նա­կեմ ջան­քեր գոր­ծադ­րել, որ­պէս­զի լոյս սփռո­ւի այդ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն վրայ: Մենք այ­սու­հե­տեւ եւս կը գոր­ծենք Կով­կա­սի շրջա­նին մէջ փո­խըմբռն­ման եւ անվ­տան­գու­թեան նպաս­տե­լու հա­մար: Ես յոյս ու­նիմ, որ մենք բո­լորս պի­տի կա­րե­նանք միա­ւո­րո­ւիլ եւ դա­տա­պար­տել ան­ցեա­լին կա­տա­րո­ւած բռնու­թեան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը»: