Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Բ­րի­տա­նա­կան«­Տը ­Կար­տիըն» օ­րա­թեր­թի Ե­րեք­շաբ­թի՝ 15 ­Յու­լիս 1919ի թի­ւին մէջ, «­Հայ­կա­կան ջարդ. հա­րիւ­րա­ւոր կի­ներ ու մա­նուկ­ներ սպան­նո­ւած» խո­րա­գի­րով լրա­տո­ւու­թեան մէջ, կը կար­դանք. «­Ռոյ­թըրզ» լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը Ե­րե­ւա­նի մէջ հայ պե­տա­կան աղ­բիւ­րէ մը ստա­

ցած է 17 ­Յու­նիս թո­ւա­կիր զե­կու­ցում մը, որ ման­րա­մասն կեր­պով կը ներ­կա­յաց­նէ վեր­ջերս ­Ղա­րա­բա­ղի մէջ հա­յե­րու ջար­դը։ Այս տո­ւեալ­նե­րը ցոյց կու տան, որ զի­նա­դա­դա­րէն (­Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա ռա­ջին­Պա­տե­րազ­մի) ութ ա­միս ետք՝ ­Կով­կա­սի մէջ հայ կի­ներ ու մա­նուկ­ներ ջար­դո­ւած են։

 

«­Յու­նիս 4ի ա­ռա­ւօ­տեեան ժա­մը ե­րե­քին, Ատըր­պէյ­ճա­նի թա­թար կա­ռա­վա­րու­թեան զի­նեալ ու­ժե­րը, հայ­կա­կան ­Ղա­րա­բաղ նա­հան­գի կա­ռա­վա­րիչ նշա­նա­կո­ւած տոքթ. ­Սուլ­թա­նո­վի հրա­մա­նով, սկսան յար­ձա­կում գոր­ծել մայ­րա­քա­ղաք ­Շու­շիի վրայ։ ­Հա­յե­րը ­Սուլ­թա­նո­վէն վե­րա­տի­րա­ցան ամ­րու­թիւն­նե­րուն, սա­կայն ­Հայ Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը, յա­ւե­լեալ ա­րիւ­նա­հե­ղու­թե­նէ զգու­շա­նա­լու հա­մար, հե­ռա­ցան քա­ղա­քէն։ Այն հա­յե­րը, ո­րոնք գոր­ծով քա­ղա­քի թա­թա­րա­կան շրջա­նին մէջ էին կամ այդ­տեղ կ­՚ապ­րէին, ա­նո­ղո­քա­բար ջար­դո­ւե­ցան։

«Այդ ա­րարք­նե­րը յա­ջորդ օ­րե­րուն տա­րա­ծո­ւե­ցան ամ­բողջ երկ­րին մէջ, եւ այդ շրջա­նին մէջ բնա­կող քիւր­տե­րը ջար­դե­ցին ­Խայ­փա­լիի հայ խա­ղաղ բնակ­չու­թիւ­նը՝ հրկի­զե­լով, ա­ւա­րե­լով եւ քան­դե­լով ա­մէն բան, ինչ­պէս նաեւ կի­ներ ու փոքր աղ­ջիկ­ներ գե­րե­վա­րե­լով։ 50 կի­ներ եւ աղ­ջիկ­ներ տա­րո­ւե­ցան կա­ռա­վա­րիչ ­Սուլ­թա­նո­վի տու­նը, որ զա­նոնք եր­կու օր ետք, ­Վա­հան Սր­բա­զա­նի եւ ու­րիշ­նե­րու մի­ջամ­տու­թեան իբ­րեւ ար­դիւնք, վե­րա­դար­ձուց։ ­Քար­կա­ժան, ­Փահ­լուլ եւ ­Ճա­մուշ­լի գիւ­ղե­րը նոյն ճա­կա­տա­գի­րին ար­ժա­նա­ցան, իսկ եր­կու այլ գիւ­ղեր մաս­նա­կի վնաս­ներ կրե­ցին։ «­Զո­հե­րուն ընդ­հա­նուր թի­ւը ա­ւե­լի քան 600 է, ո­րոնց­մէ շա­տե­րը կի­ներ ու մա­նուկ­ներ են։ ­Մար­դիկ Ե­րե­ւա­նի մէջ Բ­րի­տա­նա­կան Ա­ռա­քե­լու­թեան շէն­քը կը պա­շա­րեն՝ պա­հան­ջե­լով ար­դա­րու­թիւն։ ­Կը հա­ղոր­դո­ւի, որ ­Կով­կա­սի մէջ ­Դաշ­նա­կից Ու­ժե­րու հրա­մա­նա­տա­րը ձեր­բա­կա­լած է տոքթ. ­Սուլ­թա­նո­վը»։