Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ֆիլ­մին ներ­կա­յա­ցու­մէն ետք, Ար­ցա­խի ե­րեք պա­տա­նի­նե­րուն՝ Ա­րա­մի «մա­մա՜, մա­մա՜» սրտաճըմ­լիկ կան­չը, Աստ­ղի­կի ան­մեղ նա­յո­ւած­քը եւ Թե­ւա­նի­կի ամչ­կոտ-ան­կեղծ ու քա­ջա­րի ժպի­տը մեր մտքե­րուն ու սրտե­րուն մէջ մնա­ցին եւ, բա­ւա­կան եր­կար ժա­մա­նակ, ըն­կե­րա­կան զրոյց­նե­րու նիւթ դար­ձան, նոյ­նիսկ յա­ջոր­դող օ­րե­րուն:

Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րա­կան պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րէն ներշն­չո­ւած եւ շար­ժա­պատ­կե­րի տար­բեր փա­ռա­տօն­նե­րէ (ֆես­թի­վալ­նե­րէ) պար­գե­ւատ­րո­ւած՝ «­Թե­ւա­նիկ»ը ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ նախ Ա­թէն­քի մէջ, Հինգ­շաբ­թի՝ 26 Փետ­րո­ւար 2015ին, ԻԱՆՈՍ գրա­տան սրա­հէն ներս, ա­պա Շա­բաթ՝ 28 Փետ­րո­ւա­րին Նէա Զ­միռ­նիի ՂԱԼԱՔՍԻԱՍ մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նին մէջ, Հ.Յ.Դ. «Ա­րամ Մա­նու­կեան» Կո­մի­տէի ու Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան Ֆիք­սի «Դ­րօ» խում­բի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ եւ Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ: Այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ա­ռա­ջինն էր Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած ձեռ­նարկ­նե­րու այն շար­քին, որ միաս­նա­բար ծրագ­րած են Հ.Յ.Դ. «Ա­րամ Մա­նու­կեան» Կո­մի­տէն եւ Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տու­թիւ­նը եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցա­բար պի­տի ի­րա­գոր­ծեն այս տա­րի:

«­Թե­ւա­նիկ»ի զոյգ ցու­ցադ­րու­թիւն­ներն ալ տե­ղի ու­նե­ցան ներ­կա­յու­թեամբ ու մաս­նակ­ցու­թեամբ ժա­պա­ւէ­նի բե­մադ­րի­չին՝ Ջի­ւան Ա­ւե­տի­սեա­նի, որ յատ­կա­պէս այս ա­ռի­թով հրա­ւի­րո­ւած էր Հա­յաս­տա­նէն:  

Հինգ­շաբ­թի՝ 26 Փետ­րո­ւա­րի ե­րե­կո­յեան, Ա­թէն­քի ԻԱՆՈՍ գրա­տան սրա­հը փու­թա­ցած հայ եւ յոյն մշա­կու­թա­սէր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ լսե­լու լրագ­րող Վան­կե­լիս Բա­նա­ղո­բու­լո­սի նե­րա­ծա­կա­նը, որ ակ­նարկ մըն էր Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վրայ, ինչ­պէս նաեւ դե­րա­սա­նու­հի Տի­միդ­րա Խա­թու­բիի եւ բե­մադ­րիչ Ան­տո­նիս Պոս­գոի­թի­սի գնա­հա­տա­կան­նե­րը՝ «­Թե­ւա­նիկ» ժա­պա­ւէ­նի մա­սին: Տի­միդ­րա Խա­թու­բի տպա­ւո­րեց իր մէկ ար­տա­յայ­տու­թեամբ՝ ը­սե­լով.- «Ին­ծի հա­մար այն­քան ալ կա­րե­ւոր չէր յու­նա­րէ­նով տրո­ւած են­թա­խո­րագ­րե­րու գո­յու­թիւ­նը: Յայտ­նեմ , որ նոյ­նիսկ չու­զե­ցի հե­տե­ւիլ այդ են­թա­խո­րա­գիր­նե­րուն, ո­րով­հե­տեւ հե­րոս­նե­րը այն­քա՛ն ինք­նա­տիպ էին, պատ­կեր­նե­րու մէ­ջէն ցո­լա­ցող պատ­մու­թիւ­նը այն­քա՛ն սիրտ գրա­ւող ու ի­րաւ, դե­րա­սան­նե­րու խա­ղար­կու­թիւ­նը այն­քա՛ն խօ­սուն, որ ֆիլ­մը դի­տե­ցի ոչ միայն աչ­քե­րով, այլ հո­գիով եւ սրտով...»:

Ձեռ­նար­կի սկիզ­բին, ե­րա­ժիշտ Ս­տե­փան Թէ­քիրեան դաշ­նա­կի վրայ նո­ւա­գեց եւ եր­գեց Ղա­րա­բա­ղին նո­ւի­րո­ւած իր յօ­րի­նած եր­գը: Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ ըն­կե­րու­հի Ա­լիս Փա­փա­զեան, որ անդրա­դար­ձաւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կին, Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ներ­կայ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ շեշ­տեց ներ­կա­յի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, ո­րոնց առ­ջեւ կը գտնո­ւի հա­յու­թիւ­նը: Ա­պա՝ ըն­կե­րու­հին խօսք տո­ւաւ «­Թե­ւա­նիկ»ի բե­մադ­րիչ Ջի­ւան Ա­ւե­տի­սեա­նին:

Հա­յազ­գի ե­րի­տա­սարդ բե­մադ­րի­չը նախ իր ան­կեղծ շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն՝ ի­րեն ըն­ծա­յո­ւած այս ա­ռի­թին հա­մար, ա­պա՝ կարճ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տո­ւաւ ժա­պա­ւէ­նի նիւ­թին ու պատ­րաս­տու­թեան մա­սին: Ան ի մի­ջի այ­լոց ը­սաւ.- Պա­տե­րազ­մը միայն գրա­ւո­ւած, քան­դո­ւած կամ այ­րած քա­ղաք­ներն ու գիւ­ղե­րը չեն. պա­տե­րազ­մը մար­դոց ապ­րած տա­ռա­պանքն է, ճա­կա­տա­գիրն է, քանդո­ւած ըն­տա­նիք­ներն են, որբ մնա­ցած ե­րե­խա­նե­րը, զա­ւակ կորսն­ցու­ցած ծնող­ներն են... «­Թե­ւա­նիկ»ը ա­նոնց մա­սին է...

Իւ­րա­յա­տուկ բե­մադ­րու­թեամբ շար­ժան­կա­րի ժա­պա­ւէն մըն է «­Թե­ւա­նիկ»ը: Ներ­կա­նե­րը մեծ գո­հու­նա­կու­թեամբ եւ քա­ջա­լե­րա­կան խօս­քե­րով մեկ­նե­ցան սրա­հէն՝ ի­րենց հետ առ­նե­լով Ար­ցա­խի լեռ­նե­րէն եւ Թե­ւա­նի­կի խռով­քէն մաս մը:

Շա­բաթ՝ 28 Փետ­րո­ւա­րի ե­րե­կո­յեան, Նէա Զ­միռ­նիի ՂԱԼԱՔՍԻԱՍ մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի սրա­հը լե­ցուն էր հայ եւ յոյն հա­սա­րա­կու­թեամբ, որ յու­զու­մով դի­տեց Ղա­րա­բա­ղեան պա­տե­րազ­մէն ներշն­չո­ւած ու իր խոր­քով հա­կա­պա­տե­րազ­մա­կան պատ­գամ­ներ փո­խան­ցող «­Թե­ւա­նիկ» ժա­պա­ւէ­նը: Ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պան՝ պր. Գա­գիկ Ղա­լա­չեան եւ իր տի­կի­նը, Յու­նա­հա­յոց Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Խո­րէն Արք. Տօղ­րա­մա­ճեան, Նէա Զ­միռ­նիի փոխ-քա­ղա­քա­պետ ու Մ­շա­կոյ­թա­յին Բաժ­նի նա­խա­գահ պր. Վան­կե­լիս Խա­չա­տու­րեան, Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի կող­մէ ընկ. Յով­հան­նէս Ման­կո­յեան, Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Վե­րա­պա­տո­ւե­լի Վի­գէն Չո­լա­քեան, Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­մայն­քի Ժո­ղովր­դա­պէտ Ռաֆ­ֆի քհնյ. Շէ­ֆի­քեան, Ս. Կա­րա­պէտ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Նա­րեկ քհնյ. Շա­հի­նեան, Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ եւ գա­ղու­թի կա­ռոյց­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

Բա­ցու­մը կա­տա­րեց Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան Ֆիք­սի «Դ­րօ» խում­բին կող­մէ ընկ. Օն­նիկ Խա­չի­կեան: Ան վճռա­կան ո­ճով մը հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան խօսքն ու կամ­քը փո­խան­ցեց, մա­նա­ւանդ ներ­կայ ի­րա­կա­նու­թեան առ­ջեւ: Բեմ հրա­ւի­րեց Վան­կե­լիս Խա­չա­տու­րեա­նը, որ նախ անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին նուի­րո­ւած Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն, ա­պա՝ գնա­հա­տե­լով բե­մադ­րի­չին գոր­ծը, Ջի­ւան Ա­ւե­տի­սեա­նը պար­գե­ւատ­րեց քա­ղա­քի Ոս­կեայ Մե­տա­լով, ո­րուն, ինչ­պէս որ ինք՝ փոխ-քա­ղա­քա­պե­տը շեշ­տեց, ար­ժա­նա­ցած են քի­չեր - համ­բա­ւա­ւոր յոյն յօ­րի­նող Մի­քիս Թէո­տո­րա­քիս, Յու­նաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նախ­կին նա­խա­գահ Գոս­թիս Ս­թե­ֆա­նո­բու­լոս եւ համ­բա­ւեալ սա­կա­ւա­թիւ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ՝ Տոմ­նա Սա­միու, Էլ­լի Բաբ­բա ու Ճե­նի Վա­նու:

Ջի­ւան Ա­ւե­տի­սեան խո­րա­պէս յու­զո­ւած՝ տրո­ւած պա­տի­ւին հա­մար, շնոր­հա­կա­լա­կան խօսք ուղ­ղեց Նէա Զ­միռ­նի քա­ղա­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, նաեւ՝ բո­լոր ներ­կա­նե­րուն անխ­տիր:

Ժա­պա­ւէ­նին ցու­ցադ­րու­թե­նէն ետք, բե­մադ­րի­չը ըն­դու­նեց ներ­կա­նե­րու շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներն ու յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­նե­րը:

Ջի­ւան Ա­ւե­տի­սեան իր ե­լոյթ­նե­րու ըն­թաց­քին յայտ­նեց , թէ ինք Ար­ցա­խի զի­նո­ւոր է՝ ա­ռանց հա­մազ­գես­տի. թէ՝ կ­՛ե­րա­զէ, որ ԹԵՒԱՆԻԿ իս­կա­պէս թե­ւեր ու­նե­նայ, իր­մէ ան­կա­խա­նայ եւ դառ­նայ շա­տե­րու­նը:

Մենք սրտանց կը մաղ­թենք ի­րեն յա­ջո­ղու­թիւն եւ կը սպա­սենք իր յա­ջորդ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան:

Ա­րա­մի կան­չը, Աստ­ղի­կի նա­յո­ւած­քը եւ Թե­ւա­նի­կի ժպի­տը լիա­ցու­ցին մեր սրտե­րը: Կը նշա­նա­կէ, որ ԹԵՒԱՆԻԿ ար­դէն իսկ թե­ւեր ա­ռած է...

Ն. Ք. Գ.

­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի տե­ղե­կա­տո­ւա­կան պրա­կը

­

Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը հրա­տա­րա­կած է պրակ մը, ուր ման­րա­մաս­նօ­րէն կը ներ­կա­յա­ցո­ւի շար­քը ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի ա­ռի­թով ե­լոյթ­նե­րուն, ո­րոնք տե­ղի պի­տի ու­նե­նան ու­թամ­սեայ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ըն­թաց­քին։ ­Բո­լոր ձեռ­նարկ­նե­րը պի­տի կազ­մա­կեր­պո­ւին ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան մշա­կու­թա­յին բա­ժան­մուն­քի, Հ.Յ.Դ. «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ­Կո­մի­տէի եւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Ֆիք­սի «Դ­րօ» խում­բի վար­չու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ եւ ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ։ ­Սոյն պրա­կը տպո­ւած է 40.000 տպա­քա­նա­կով, ­Նէա Զ­միռ­նիի շրջա­նին մէջ տա­րա­ծե­լու նպա­տա­կով։

Ս­տո­րեւ՝ կը հրա­պա­րա­կենք ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պետ պր. Ս­թավ­րոս ­Ծու­լա­քի­սի եւ Մ­շա­կու­թա­յին բա­ժան­մուն­քի ա­տե­նա­պետ պր. ­Վան­կե­լիս ­Խա­չա­տու­րեա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քե­րը, ո­րոնք լոյս տե­սած են պրա­կին մէջ, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով։