3-4 Մարտ 2015ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աստուածաբանական երկ խօսութեան 6րդ նիստը՝ Նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսի: Այս մասին կը հաղորդէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտօնական կայքը:
Ստորեւ՝ յիշեալ հանդիպումի աւարտին հրապարակուած միացեալ յայտարարութիւնը.-
ՄԻԱՑԵԱԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ԵՒԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ
Փառք կու տանք Ամենակալ Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս մեզի առիթը ընծայեց կազմակերպելու մեր աստուածաբանական երկխօսութեան 6րդ նիստը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս:
Մեր հաւաքական խորհրդակցութեանց ու քննարկումներուն համար ճշդած էինք այժմէական եւ կարեւոր նիւթ մը, «Քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւն՝ ի խնդիր Միջին Արեւելքէն ներս արդար խաղաղութեան հաստատման»:
Մեր աւանդութիւններուն, ուսուցումներուն եւ փորձառութիւններուն լոյսին տակ, տարբեր մօտեցումներով քննարկեցինք այս նիւթը` լուսարձակի տակ բերելով անկէ յառաջացող մարտահրաւէրները ներկայ ժամանակներու տագնապներուն դիմաց:
Մեր երկու կրօններու ուսուցումներուն հիման վրայ հաստատեցինք, թէ՝
Ա.) Խաղաղութիւնը աստուածային պարգեւ է եւ խաղաղութեան բռնաբարումը մեղք է Աստուծոյ նկատմամբ։
Բ.) Խաղաղութիւնը Աստուծոյ պարգեւը ըլլալով՝ արդար, համապարփակ եւ մնայուն է։
Գ.) Խաղաղութիւնը արդարութեան պտուղն է, եւ արդարութիւն ու խաղաղութիւն սերտօրէն ընդելուզուած են։
Դ.) Խաղաղութեան ու արդարութեան համար պայքարիլը քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն կոչումն է:
Այս յստակ հասկացողութեամբ, շեշտեցինք թէ՝
1.- Քրիստոնեաներու եւ իսլամներու համագործակցութիւնը խիստ անհրաժեշտութիւն է ամբողջ աշխարհի մէջ ու յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս, հիմնուած՝ փոխադարձ հասկացողութեան եւ յարգանքի վրայ:
2.- Վայրագութեան եւ ծայրայեղականութեան դէմ միացեալ պայքարը հրամայական է, որովհետեւ նման մտածելակերպեր ու արարքներ դէմ են մեր երկու կրօններու ուսուցումներուն:
Նկատի ունենալով, որ մեր ժողովը կը համընկնի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, մենք խստօրէն կը դատապարտենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ անցեալին թէ ներկայ ժամանակներուն գործադրուած ու գործադրուող բոլոր ցեղասպանութիւններն ու վայրագութիւնները՝ անհատներու, խմբակներու կամ պետութիւններու կողմէ: Ամէն ձեւի ու տարողութեան նման բռնարարքներ դէմ են մեր կրօններու ուսուցումներուն, սկզբունքներուն ու արժէքներուն, եւ որեւէ պարագայի արդարանալի չեն:
Մենք կը շեշտենք կարեւորութիւնը «Աշխարհը ընդդէմ ծայրայեղականութեան եւ վայրագութեան» ծրագիրին, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահը առաջարկած էր Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր Համաժողովին:
Մեր երկխօսութիւնը անգամ մը եւս կը յիշեցնէ մեզի առանցքային կարեւորութիւնը քրիստոնեաներու եւ իսլամներու միջեւ խաղաղ համագոյակցութեան եւ սերտ համագործակցութեան՝ ի խնդիր Միջին Արեւելքի մէջ արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան վերահաստատման: