Սուրիոյ Ազգային Ժողովի շէնքին մէջ Չորեքշաբթի, 4 Մարտ 2015ին, Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Ժիհատ Լահհամ ընդունեց Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեանը եւ Արմաշ եպս. Նալպանտեանը: Քննարկըւեցան հայ-սուրիական խորհրդարանական կապերը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկներուն վերաբերող հարցեր: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հայ կաթողիկէ վարդապետ Ճորճ Պահի, դեսպանատան խորհրդական Վարդան Յովհաննիսեան եւ դոկտ. Նորա Արիսեան:
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ ընդլայնուած հանդիպում մը, որ ընդգրկեց խորհըրդարանի Ընդհանուր Ազատութեան եւ Մարդու Իրաւունքներու եւ Ազգային Հաշտեցման յանձնախումբերու անդամները, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յանձնախումբի անդամներ Մովսէս Հալաճեան, Գէորգ Կէօնճեան, Պօղոս Խաճարեան, Պերճ Պարսումեան, Սարգիս Պրունսուզեան, Նորա Արիսեան եւ Քաղաքական Ժողովի անդամներէն Աւօ Ոսկեան եւ Յակոբ Ներսէսեան: Բացման խօսքեր արտասանեցին Ազգային Հաշտեցման յանձնախումբի նախագահ Օմար Աուսի եւ Ընդհանուր Ազատութեան եւ Մարդու Իրաւունքներու յանձնախումբի նախագահ Պատի Սքուր, որոնք ընդգծեցին սուրիահայերուն դերը Սուրիոյ կեանքին մէջ եւ անդրադարձան ցեղասպանութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին կրած տառապանքին եւ անոր իրաւազրկման: Անոնք նշեցին, որ վերջին շրջանին Սուրիոյ մէջ թրքական վարչակարգին կողմէ տեղի ունեցածը շարունակութիւնն է Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած յանցագործութեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց խորհըրդարանին եւ նշեալ յանձնախումբերուն այս ուղղութեամբ տարած աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ օրէնսդիր մարմինին իրականացուցած այս հանդիպումը պատմական որակեց: