Բրիտանացի լրագրող Ռոպըրթ Ֆիսք կը քննադատէ Թուրքիոյ եւ արեւմտեան որոշ կառավարութիւններու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը:
Ելոյթ ունենալով Մարդու Իրաւունքներու հարցերուն նուիրուած ժնեւեան միջազգային ժողովին եւ շարժանկարի փառատօնին ժամանակ` բրիտանացի լրագրողը, որ յայտնի է Ուսամա Պին Լատենի հետ երեք անգամ հարցազրոյց վարելու համար, անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան թեմային:
News.am կը գրէ, ըստ զուիցերիական «Le Temps» պարբերականին, որ Ֆիսք մասնաւորապէս յիշատակած է, թէ ինչպէ՞ս Թուրքիոյ մէջ պտտած է Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածի մը հետ, որ գտած է իր տունը: Իսկ տան դռները ընդմիշտ փակուած են: «Լեհաստանի մէջ հրեան, որուն Հոլոքոսթի ժամանակ թալանած են, կրնայ իր տունը ետ ստանալ: Իսկ Թուրքիոյ մէջ նման պարագաներու հայը ոչ մէկ իրաւունք ունի: Ինչո՞ւ»,- հարց տուած է լրագրողը:
Ռոպըրթ Ֆիսք, որ շուրջ 40 տարիէ ի վեր կը լուսաբանէ Միջին Արեւելքի իրադարձութիւնները, ժամանակակից պատմութեան այդ էջը ուսումնասիրելու բազմաթիւ հնարաւորութիւններ ունեցած է:
«Հայերու կոտորածը 20րդ դարի առաջին ցեղասպանութիւնն էր: Անիկա նաեւ կապուած է երկրորդին` հրեաներու ցեղասպանութեան հետ, քանի որ գերմանացի որոշ մասնագէտներ թրքական բանակին մէջ ականատես եղած են այդ իրադարձութիւններուն, իսկ յետոյ յայտնուած են գերմանական բանակի շարքերը, որպէսզի նոյն չարագործութիւնը կատարեն Պելառուսիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ: Բայց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն կը հերքուի թրքական իշխանութիւններուն, այլեւ կ՛անտեսուի արեւմտեան կառավարութիւններուն կողմէ»,- նշած է Ֆիսք:
«Ուինսթըն Չըրչիլ առանց տատանելու այդ ողբերգութիւնը ցեղասպանութիւն կը կոչէր: Սակայն տասնամեակներ անց, Մեծ Բրիտանիոյ մէկ այլ վարչապետ` Թոնի Պլեր հրաժարեցաւ այդ ընելէն:Ես կ՛ապրիմ Պէյրութ, քաղաք, որ 350 հազար հայերու տունն է: Ես բազմաթիւ ընկերներ ունիմ այդ համայնքին մէջ, որոնց տատերն ու պապերը Ցեղասպանութեան զոհ դարձած են: Իսկ իմ սեփական երկիրս չի համարձակիր այդ ողբերգութիւնը իր անունով կոչելու»,- կ՛աւելցնէ լրագրողը: