ՌՈՒՍԻԱ
Ատրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտարարած է, որ Ռուսիա կþողջունէ Ատրպէյճանի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ոչ մնայուն անդամակցութիւնը։
ԹՈՒՐՔԻԱ
Թրքական օդուժին պատկանող օդանաւ մը Հինգշաբթի օր ջախջախուած է Թուրքիոյ կեդրոնական շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած ռազմափորձի մը ընթացքին, որուն հետեւանքով մահացած են երկու օդաչուներ:
ԳԱՆԱՏԱ
Հետեւելով Ամերիկայի օրինակին՝ Գանատայի իշխանութիւնները յայտարարած են, որ Պաղեստինի անդամակցութեան պատճառով, պիտի դադրեցնեն ԵՈՒՆԵՍՔՕի իրենց նիւթական աջակցութիւնը։ Ըստ անոնց, Պաղեստինի անդամակցութիւնը «պիտի խանգարէ» միջինարեւելեալ խաղաղութեան հոլովոյթը։ Գանատա տարեկան 10 միլիոն տոլար կը յատկացնէ կազմակերպութեան, մինչ Ամերիկա՝ 70 միլիոն տոլար։