Փարիզի Տեքարթի անուան իրաւագիտական համալսարանին մէջ ցուցարար մը իւրայատուկ ոճով իր բողոքը յայտնած է Ֆրանսայի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Հաքքը Աքիլի դէմ՝ անոր ելոյթի ընթացքին դէպի ամպիոն վազելով եւ Հայաստանի խորհրդանիշը համարուող նուռի հիւթ թափելով անոր վրայ:
Աքիլ անմիջապէս յայտարարած է, որ հայերը նմանօրինակ յարձակումներ անցեալին եւս կատարած են:
Ոստիկանութիւնը, ցուցարարը ձերբակալելով, հեռացուցած է սրահէն։ Աւելի ուշ, ֆրանսահայ լրագրող Ժան Էքեան հաղորդեց, թէ արարքին պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Հ.Յ.Դ. «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութիւնը՝ շեշտելով, թէ արարքին նպատակն էր դատապարտել Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի իշխանութեանց կեցուածքը։ Եզրափակելով՝ ֆրանսահայ լրագրողը ընդգծած է.- «Չկայ խաղաղութիւն, առանց արդարութեան»։