Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Աշ­խար­հի ա­մե­նա­հե­ղի­նա­կա­ւոր մշա­կու­թա­յին օ­ճախ­նե­րէն մէ­կուն մէջ` ­Նիւ Եոր­քի «­Մեթ­րո­փո­լի­թէն» թան­գա­րա­նին մէջ 2017 թո­ւա­կա­նին հնա­րա­ւոր է, որ ­Հա­յաս­տա­նին վե­րա­բե­րեալ ցու­ցա­հան­դէս մը կազ­մա­կեր­պո­ւի:

Այս օ­րե­րուն ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կը գտնո­ւին «­Մեթ­րո­փո­լի­թէն» թան­գա­րա­նի միջ­նա­դա­րեան ա­րո­ւես­տի եւ վան­քե­րու վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնք կը քննար­կեն հնա­րա­ւոր ցու­ցա­հան­դէ­սի մը կազ­մա­կերպ­ման ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը:

­Մարտ 1ին «­Մեթ­րո­փո­լի­թէն» թան­գա­րա­նի միջ­նա­դա­րեան ա­րո­ւես­տի եւ վան­քե­րու վար­չու­թեան պետ Կ­րի­ֆիտ ­Ման եւ նոյն վար­չու­թեան բիւ­զան­դա­կան ա­րո­ւես­տի հա­մա­կար­գող ­Հե­լէն Է­ւանսն այ­ցե­լե­ցին ­Հա­յաս­տա­նի ­Պատ­մու­թեան ­Թան­գա­րա­նը, շրջե­ցան մշա­կու­թա­յին օ­ճա­խի տա­րած­քով, դի­տե­ցին առ­կայ ցու­ցան­մուշ­նե­րը: Շր­ջայ­ցէն ետք, «­Մեթ­րո­փո­լի­թէն» թան­գա­րա­նի միջ­նա­դա­րեան ա­րո­ւես­տի եւ վան­քե­րու վար­չու­թեան բիւ­զան­դա­կան ա­րո­ւես­տի հա­մա­կար­գող ­Հե­լէն Է­ւանս լրագ­րող­նե­րուն հետ զրոյ­ցին նշեց, որ ա­մէն ինչ շատ հո­յա­կապ էր, սա­կայն ի­րենք յատ­կա­պէս հե­տաքրք­րո­ւած են միջ­նա­դա­րեան ­Հա­յաս­տա­նով:

«­Մեր թան­գա­րա­նին մէջ ըն­դու­նո­ւած է, որ ցու­ցա­հան­դէս­նե­րը 3-5 տա­րի ա­ռաջ կը քննար­կո­ւին, եւ կը դառ­նան ո­րո­շա­կի:

Պէտք է ը­սել, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հայ­կա­կան ա­րո­ւես­տը ներ­կա­յա­ցուած է շարք մը ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու մէջ: ­Հայ­կա­կան նմուշ­նե­րը ե­րեք տար­բեր ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րու մաս կազ­մած են»,- նշեց ­Հե­լէն Է­ւանս՝ «Ար­մէնփրես»ի փո­խանց­մամբ: Ան յոյս յայտ­նեց, որ 2017ին «­Մեթ­րո­փո­լի­թէն»ի մէջ պի­տի ի­րա­կա­նա­ցո­ւի ­Հա­յաս­տա­նին վե­րա­բե­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սը:

­Թան­գա­րա­նի միջ­նա­դա­րեան ա­րո­ւես­տի եւ վան­քե­րու վար­չու­թեան պետ Կ­րի­ֆիտ ­Ման խոս­տո­վա­նե­ցաւ, թէ իր վրայ յատ­կա­պէս մեծ տպա­ւո­րու­թիւն թո­ղած է այն պատ­մու­թիւ­նը, որ կը ներ­կա­յա­ցո­ւի ա­ռար­կա­նե­րու մի­ջո­ցով: «Կ­’ու­զեմ շնոր­հա­ւո­րել իմ գոր­ծըն­կեր­նե­րը: ­Ցու­ցա­հան­դէս­նե­րը շատ լաւ կազ­մա­կեր­պուած են եւ ցու­ցադ­րո­ւած ա­ռար­կա­նե­րը հո­յա­կապ են ու շատ ե­զա­կի ինք­նու­թիւն ու­նին»,- նշեց ան:

Ի դէպ, նա­խորդ տա­րո­ւը­նէ մին­չեւ 2015 թո­ւա­կա­նի ­Յու­նո­ւա­րը, ­Հա­յաս­տա­նի ­Պատ­մու­թեան ­Թան­գա­րա­նը կը մաս­նակ­ցէր ­Նիւ Եոր­քի «­Մեթ­րո­փո­լի­թէն» թան­գա­րա­նին մէջ բացո­ւած «Ա­սո­րես­տա­նէն մին­չեւ Ի­պե­րիա. մայր­ցա­մաք­նե­րու քա­ռու­ղի­նե­րով դա­սա­կան դա­րաշր­ջա­նի ար­շա­լոյ­սին» մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սին:

Ցու­ցա­հան­դէ­սին մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած էին 300 նմոյշ: Ի­րա­դար­ձու­թեան կը մաս­նակ­ցէին 14 երկ­րի թան­գա­րան­ներ:

Հա­յաս­տա­նի ­Պատ­մու­թեան ­Թան­գա­րա­նը ցու­ցա­հան­դէ­սին ներ­կա­յա­ցու­ցած էր ու­րար­տա­կան ա­րո­ւես­տի ի­նը բա­ցա­ռիկ նմուշ­ներ, ո­րոնք ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նէին ցու­ցադ­րու­թեան հա­մար, իբ­րեւ ար­ժէ­քա­ւոր վկա­յու­թիւն` հա­ւաս­տե­լով հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի մշտա­կան դե­րը եւ ա­նոր ու­նե­ցած ազ­դե­ցու­թիւ­նը տա­րա­ծաշր­ջա­նի` Ա­սո­րես­տա­նի, Ա­րեւմ­տեան Ի­րա­նի եւ խե­թա­կան պե­տու­թիւն­նե­րու ա­րո­ւես­տի եւ մշա­կոյ­թի ծի­րէն ներս:

­Միջ­նա­դա­րեան ա­րո­ւես­տի եւ վան­քե­րու վար­չու­թեան պետ Կ­րի­ֆիտ ­Ման վստա­հե­ցուց, որ հայ­կա­կան ցու­ցան­մուշ­նե­րը ա­ռաջ­նա­կարգ տեղ ու­նե­ցած են եւ ցու­ցադ­րու­թեան հիմ­նա­կան կէ­տե­րէն` խա­րիսխ­նե­րէն ե­ղած են:

­Հե­լէն Է­ւանսն ա­ւել­ցուց, որ հայ­կա­կան ա­ռար­կա­նե­րը յատ­կա­պէս մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն յա­ռա­ջա­ցու­ցած են: