Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­ՀՀ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ ­Նալ­պան­տեան յայ­տա­րա­րած է, որ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը ան­յա­պաղ քայ­լեր պէտք է ձեռ­նար­կէ` պաշտ­պա­նե­լու ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեա­նե­րը, ո­րոնք կրնան դի­ տար­կո­ւիլ որ­պէս այս տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ ան­հե­տաց­ման եզ­րին յայտ­նո­ւած ա­մե­նա­խո­ցե­լի խում­բե­րէն մէ­կը: Այս մա­սին Է­դո­ւարդ ­Նալ­պան­տեան ը­սած է Ժ­նե­ւի մէջ` ե­լոյթ ու­նե­նա­լով ՄԱԿ-ի «Ա­ջակ­ցու­թիւն ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեա­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րուն» խո­րա­գի­րով քննարկ­ման: «­Ցա­ւօք, ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քում այ­սօր քրիս­տո­նէու­թեան գո­յու­թիւ­նը լուրջ վտան­գի տակ է: Ք­սան­մէկ ե­գիպ­տա­ցի ղպտի­նե­րի գլխա­տու­մը եւ ­Սի­րիա­յում ա­սո­րի­նե­րի դէմ դա­ժան յար­ձա­կում­նե­րը միայն վեր­ջին դրո­ւագ­ներն են: ­Բա­ւա­կան է նշել, որ քրիս­տո­նեա­նե­րի թի­ւը բնակ­չու­թեան ընդ­հա­նուր թո­ւի յա­րա­բե­րակ­ցու­թեամբ 20-րդ ­դա­րասկզ­բի ա­ռա­ւել քան 20%-ից 21-րդ ­դա­րասկզ­բին նո­ւա­զել է 5%-ից էլ պա­կաս»: