Ուրբաթ, 27 Փետրուարին, գանատահայ երիտասարդներ ցուցադրական, բայց լուռ բողոքի արտայայտութեամբ դիմաւորեցին Թորոնթոյի Համալսարանին մէջ դասախօսելու հրաւիրուած, Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ուրացող դասախօսներ Տասթին Մըքարթիին եւ Պրուս Ֆէյնին: Երկու ուրացող դասախօսներուն լսարանի մեծ մասը, 70է աւելի երիտասարդներ, ոտքի ելան եւ իրենց կռնակը դարձուցին զոյգ խօսողներուն: Այս լուռ բողոքը կազմակերպողներն էին Հ.Յ.Դ. Գանատայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը, Հ.Յ.Դ. Արմէն Գարօ Ուսանողական Միութիւնը եւ Հայ Ուսանողական Միութիւնը: