Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Լի­բա­նա­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան, ­Կի­րա­կի, 22 ­Փետ­րո­ւա­րին ե­րե­կոյեան, ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Լե­ւոն ­Շանթ» ­կեդ­րո­նի «Գ. եւ Հ. Ար­մէ­նեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Յաս­միկ ­Շա­հի­նեա­նի հե­ղի­նա­կած «Այն Օ­րը, Երբ…» ման­կա­կան գիր­քի շնոր­ հա­հան­դէ­սը: ­Բաց­ման խօս­քէն ետք, մա­նուկ­նե­րուն հասկ­նա­լի ո­ճով ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ ման­կա­կան գրա­կա­նու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ ազ­դե­ցու­թիւ­նը ե­րե­ւա­կա­յու­թեան ու հո­գե­կան աշ­խար­հին վրայ: ­Յա­ջոր­դա­բար՝ ­Լե­նա Ա­րա­պօղ­լեան կա­տա­րեց գիր­քին վեր­լու­ծու­մը՝ նշե­լով, որ գիր­քը կը յատ­կան­շո­ւի իր պատ­կե­րա­ւոր ո­ճով, պատ­կե­րա­զարդ կող­քով եւ կարճ ու հասկ­նա­լի նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րով:

Ա­րա­պօղ­լեան յայտ­նեց, որ պատ­մո­ւածք­նե­րուն կարճ ու թէեւ ան­ջատ, սա­կայն նոյն դե­րա­կա­տար­նե­րով ի­րա­րու կա­պո­ւած ըլ­լա­լը յա­ւե­լեալ յատ­կա­նիշ մըն է՝ ե­րե­խա­նե­րը չյու­սա­հա­տեց­նե­լու հա­մար: «Իւ­րա­քան­չիւր պատմուած­քի մէջ կա­տա­րո­ւած չա­րաճ­ճիու­թիւ­նը միշտ ալ ա­նուղ­ղա­կի, սա­կայն դաս­տիա­րա­կիչ ա­ւարտ մը ու­նի», ը­սաւ Ա­րա­պօղ­լեան, յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­լով ­Յաս­միկ ­Շա­հի­նեա­նին եւ մաղ­թե­լով, որ յե­տա­գա­յին պա­տա­նե­կան գրա­կա­նու­թիւ­նը եւս բար­գա­ւա­ճի: Ա­րա Ա­զատ ներ­կայ մա­նուկ­նե­րուն բա­ցատ­րեց ման­կա­կան գիր­քե­րու նկա­րա­զար­դու­մի ա­րո­ւես­տը՝ կեդ­րո­նա­նա­լով յատ­կա­պէս ման­կա­կան գրա­կա­նու­թեան մէջ տեղ գտած գծագ­րա­կան գոր­ծե­րուն վրայ: ­Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին խօսք ա­ռաւ «Այն Օ­րը, Երբ…» գիր­քի հե­ղի­նակ ­Յաս­միկ ­Շա­հի­նեան, որ «փաո­ւըր փոյն»չով ներ­կա­յա­ցուց գիր­քին պատ­րաս­տու­թեան ան­ցած հանգ­րո­ւան­նե­րը՝ գա­ղա­փա­րի յղա­ցու­մէն մին­չեւ հրա­տա­րակ­չա­տան եւ տպագ­րա­կան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը: Ն­շենք, որ «Այն Օ­րը, Երբ…» ման­կա­կան գիր­քին նկա­րա­զար­դու­մի գոր­ծը կա­տա­րած է սպա­նա­ցի նկա­րա­զար­դող ­Տա­ւիտ ­Փին­թոր: